Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, Պարսելոնա, որ դարձի մրցումին իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Աթլեթիքօ Պիլպաոն` 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Արձանագրուած այս արդիւնքը պատճառ եղաւ, որ Աթլեթիքօ Պիլպաօ դառնայ տիտղոսակիր` նկատի ունենալով, որ անիկա երթին իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Պարսելոնան պարտութեան մատնելէ բացի (երթուդարձ` 5-1), Աթլեթիքօ կարեւոր այլ նուաճում մըն ալ արձանագրեց` նկատի ունենալով, որ անիկա այսպիսով այս տիտղոսը դարձեալ բարձրացուց 32 տարի ետք:
Շուրջ 89 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան Պարսելոնայի կոլը նշանակեց Լիոնել Մեսսի (43-րդ), իսկ Աթլեթիքոյի կոլը` Արից Ատուրիզ (74-րդ):
Իւրաքանչիւր կազմէն մարզիկ մը դաշտէն վտարուեցաւ:
Պարսելոնայէն կարմիր քարտ ստացաւ Ժերար Փիքէ (56-րդ), իսկ Աթլեթիքոյէն` Քիքէ Սոլա (86-րդ):
Նշենք, որ կիրակի օր` «Լա լիկա»-ի բացման մրցումին, Պարսելոնա դարձեալ իր դէմ պիտի ունենայ Աթլեթիքօ Պիլպաոն: