Ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցին, թէ լիբանանցի քաղաքացի մը անձնական պատճառներով բարձրացած էր ընկերային հարցերու նախարարութեան կեդրոնատեղիին կից գտնուող ելեկտրականութեան հոսանքի յատուկ սիւնի մը վրայ եւ փորձած անձնասպան ըլլալ:
Ներքին ապահովութեան ուժերուն շնորհիւ անոր փորձը ձախողած էր: