Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նշենք, որ Քաակ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին ընդգծած էր Լիբանանի մէջ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ երկրին իշխանութիւնը երազող քաղաքական ուժերը Լիբանանը կ՛առաջնորդեն դէպի անորոշութիւն:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան պարտադիր անցքը ազգային համախոհութիւնն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր կը պահանջեն երկրին խաղաղութեան կամ պատերազմին որոշումը ստանձնել, երբ իրենք անկարող են աղբերուն հարցը լուծել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ շրջանառութեան մէջ է Աքքարի մէջ աղբանոցներ գոյացնելու համաձայնութիւն մը, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ջանքերով ի յայտ եկած է եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի գոհունակութիւնը կը վայելէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ պահանջեց Ահմետ Ասիրը խստագոյն պատժամիջոցներու ենթարկել, որպէսզի անոր թղթածրարը երկրորդ Սամիր Ժահժահի թղթածրարի մը վերածուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա հաստատեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ոչ մէկ նորութեան մասին խօսեցաւ իր արտասանած վերջին ճառին մէջ` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան հարցով ոչ ոք կրնայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը շրջանցել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա ըսաւ, որ կարելի չէ Լիբանանը  առանց խորհրդարանի ժողովներուն ձգել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ երկրին աղբերու հարցին լուծման մասին խնդրոյ առարկայ կառոյցներուն կողմէ ոչ մէկ ճիգ ի գործ կը դրուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ ողջունեց ապահովական կառոյցներուն կողմէ Ահմետ Ասիրի ձերբակալութիւնը` հաստատելով սակայն, որ ապահովական նման նուաճումները պէտք է առանց խտրականութեան իրագործուին, այսինքն` պէտք է ձերբակալել նաեւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ Պթատհիի դէպքին պատասխանատու ոճրագործներն ու ահաբեկիչները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքին արգելակումը պատճառ պիտի դառնայ, որ Լիբանան աւելի քան 700 միլիոն տոլարի հասնող միջազգային վարկեր կորսնցնէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Ահմետ Ասիրի ձերբակալութիւնը լիբանանեան պետութեան վարկին վրայ ունի իր դրական ազդեցութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան որեւէ շրջանի մէջ Ահմետ Ասիրը հիւրընկալող միջավայր գոյութիւն չունի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ Ահմետ Ասիր պէտք է խիստ պատժամիջոցներու ենթարկուի, որպէսզի բանակին դէմ յարձակումի յանդգնութիւնը ունեցող ոեւէ կողմ այդ պատիժէն դասեր քաղէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ իրենք խստիւ կը մերժեն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի լուսանցքայնացումը, որովհետեւ ան ազգային գլխաւոր հեղինակութիւններէն մէկն է:

 

 

Նախորդը

Ռուսիա Կը Պատրաստուի Ռատարի Նոր Կայան Մը Կառուցելու Ազրպէյճանի Մէջ

Յաջորդը

Մաշնուք-Ժահժահ Հանդիպում

RelatedPosts

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով
Գլխաւոր լուրեր

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Մայիս 12, 2025
Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ

Մայիս 12, 2025
Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?