
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Դրամական միջազգային ֆոնտը Եւրոյի գօտիի երկիրներու նախարարներուն կոչ ուղղած է` թեթեւցնելու Յունաստանի պարտքին բեռը:
Դրամական միջազգային ֆոնտի ղեկավար Քրիսթին Լակարտ ողջունած է 14 օգոստոսին միջազգային վարկատուներէն Աթէնքի ստանալիք ելեւմտական օժանդակութեան նոր թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը, սակայն զգուշացուցած է, որ Յունաստան ի վիճակի չէ առանձին լուծել պարտքի հարցը եւ երկրին հետագայ օժանդակութիւնը անհրաժեշտ է:
«Յունաստան չի կրնար պարտքը վճարել սեփական գործողութիւններով», ըսած է ան:
Ըստ նոր համաձայնագիրին, միջազգային վարկատուները համաձայնած են Յունաստանին յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին տրամադրել 86 միլիառ եւրօ: Ատոր դիմաց Աթէնքը պարտաւորուած է բարձրացնել հարկերը եւ կրճատել ծախսերը: