Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Սէուտական Արաբիա իր պահեստի գումարները աննախադէպ կերպով կը սպառէ քարիւղի սակը իր ներկայ ցած մակարդակին` տակառը 50 տոլարի պահելու եւ նոյն ատեն Եմէնի մէջ հուսիներու դէմ, ինչպէս նաեւ սուրիական վարչակարգին դէմ իր պատերազմին մէջ իր կարիքները բաւարարելու համար:
Օրաթերթը կը նշէ, որ սեպտեմբեր 2014-էն մինչեւ յունիս 2015 երկարող ժամանակաշրջանի իր ծախսերը հոգալու համար Սէուտական Արաբիա օտար դրամանիշի իր պահեստէն շաբաթական երկու միլիառ տոլար կ՛օգտագործէ:
Մեկնելով այդ իրողութենէն` Սէուտական կեդրոնական դրամատունը յայտարարած է, որ նուազ քան 9 ամսուան ընթացքին երկրին օտար դրամանիշերու պահեստը 746 միլիառ տոլարէն նուազած է 672 միլիառ տոլարի: