Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առիւծն Ու Ալին

Օգոստոս 18, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

lion_8-18-15

Այս յօդուածին խորագիրը ամենայն հանգստութեամբ կրնար նաեւ ըլլալ` «Սուտ են, մի՛ Հաւատաք»:

Ուրեմն սկսինք: Մօտաւորապէս 10 օր առաջ, Զիմպապուէյի մէջ Փալմըր անունով ամերիկացի մը սպաննած էր առիւծ մը (որ անուն ալ ունի եղեր…): Արեւմտեան մամուլին մէջ հաւարը փրթա՜ւ, այն տրամաբանութեամբ, որ  ինչպէ՞ս կարելի է խեղճ անասուն մը հաճոյքի համար սպաննել, այս ի՜նչ անմարդկային վերաբերում է կենդանական աշխարհին նկատմամբ եւ այլն, եւ այլն, (վիճակագրութեան թիւերը ցոյց կու տան, որ ամէն տարի 1000 առիւծ կը սպաննուի Ափրիկէի մէջ… արտօնագրուած որսորդներու կողմէ, այսինքն` հաճոյքի համար):

Այս աղմուկը (լրատուութեամբ, հարցազրոյցներով եւ առաջնորդող յօդուածներով) բնականաբար աննպատակ չէր: Արեւմտեան մամուլին մէջ ոչինչ աննպատակ է կամ պատահական: Ամէն ինչ ունի իր ներքին տրամաբանութիւնը եւ պատճառաբանութիւնը: Այս պարագային` ցոյց տալ, թէ արեւմտեան աշխարհը, արեւմտեան հանրային կարծիքը ինչքա՜ն զգայուն է կեանք կոչուած բնութեան հրաշքին նկատմամբ, նաեւ` ստեղծելու եւ ամրապնդելու այն տեսակէտը, որ եթէ անասուններուն նկատմամբ այսքան հոգածութիւն կը դրսեւորուի, ուրեմն մարդկային կեանքին նկատմամբ տասնապատիկ հոգածու մտածողութիւն ու վերաբերում կայ (հիմա՛ կարդացէք այս յօդուածին համար չգործածուած խորագիրը):

Մըսթըր (կամ տաքթըր) Փալմըրի կողմէ սպաննուած առիւծին նկատմամբ այս միտումնաւոր կերպով ստեղծուած աղմուկին մէջ, այդ քանի մը օրերուն ընթացքին, բնականաբար ոչ ոքի ուշադրութեան յանձնուեցաւ, որ այդ կարճ ժամանակամիջոցին 6000 (վեց հազար) զիմպապուէյցիներ գործազուրկ դարձան, անխափան շարունակուեցաւ քարիւղի կամ հանքային ճարտարարուեստի մեծ ընկերութիւններուն կողմէ ափրիկեան ցամաքամասին անխնայ կողոպուտը` տեղական պետական ղեկավար շրջանակներու մեղսակցութեամբ (այսինքն` զանոնք կաշառելու ճամբով), միաժամանակ թունաւորելով ու աղտոտելով շրջակայ կենսոլորտը` օդը, ջուրը եւ հողը (բնականաբար նաեւ` կենդանական աշխարհը):

ali-1_8-18-15

Նոյն այդ մամուլին մէջ միայն նուազագոյն ուշադրութիւնը դարձուեցաւ Արեւմտեան ափին մէջ իսրայէլացի քաղաքայիններուն կողմէ պաղեստինցի ընտանիքի մը բնակարանի հրկիզումին, որ բացայայտօրէն ոճրային արարք մըն էր: Այս ոճիրին զոհ գնաց 18 ամսական երեխայ մը` Ալի Տաուապշէ անունով, իր բնակարանին մէջ ողջ-ողջ այրելով: Անոր ծնողները 80-90 տոկոս այրուածքներով փոխադրուեցան հիւանդանոց: Ոչ մէկ խմբագրական կամ ընդվզումի մղող հանրային կարծիք ձեւաւորելու փորձ: Չոր ու ցամաք լրատուութիւն, առանց մոռնալու սակայն Իսրայէլի վարչապետին կոկորդիլոսի արցունքները, որոնց վրայ դրուեցան հիմնական շեշտադրումները: Տակաւին չենք յիշեր Լիպիան, Իրաքը, Աֆղանիստանը եւ Սուրիան, բոլորն ալ խորտակուած` մարդկային կեանքի նկատմամբ «զգայուն» շրջանակներուն կողմէ, ձեր բոլորին շատ ծանօթ:

Պաղեստինցի Ալի Տաուապշէ չարժանացաւ այն կարեկցանքին, որուն արժանացած էր անուն կրող «զիմպապուէյցի» առիւծը: Գիտէք, չէ՞, որ անունը համակրանք ու դրական զգացում կը յառաջացնէ:

Տարի մը առաջ, գրեթէ այս օրերուն, երբ Իսրայէլ Կազայի դէմ օդէն, ծովէն ու ցամաքէն շաբաթներ տեւած ռմբակոծում կատարեց, զոհերուն մօտաւորապէս մէկ երրորդը երեխաներ էին. աւելի քան 500 երեխաներ, որոնք ռումբերու բեկորներէն բզքտուեցան կամ իրենց բնակարաններու փլատակներուն տակ ճզմուեցան: Այս բոլորը սակայն, իսրայէլեան կառավարութեան եւ ամերիկեան պետական բաժանմունքին կողմէ որակուեցան «ինքնապաշտպանութիւն»: Այս աւելի քան 500 երեխաներէն ոչ մէկուն անունը լսեցինք արեւմտեան մամուլէն, մինչդեռ հիմա հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ գիտեն այդ առիւծին անունը (որ այս յօդուածագիրը կը մերժէ տալ):

Նոյն ձեռագիրը եւ ներքին տրամաբանութիւնը բազմիցս արտայայտուեցաւ նաեւ Հայաստան-ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ, անցնող ամիսներուն, երբ ազրպէյճանական բանակի արձակազէններ դաւադրաբար հայ զինուորներ կը սպաննէին, Արեւմուտքը, երբեմն Մինսքի խմբակին բերնով, զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղէր… «կողմերուն»: Զսպուածութեան կոչը կ՛ուղղուի… անզուսպներուն, չէ՞: Ուրեմն ազրպէյճանցի արձակազէններու գնդակներուն զոհ գացած հայ զինուորը (այս պարագային` զոհը) նաեւ «անզուսպ» է, ըստ Արեւմտեան (ե՛ւ միւս կողմի) դիւանագիտութեան:

Այնպէս որ, երբեք պէտք չէ հալած իւղի նման կլլել միջազգային մամուլի (ներառեալ` ոչ արեւմտեան) մեծ լրատու աղբիւրներուն հաղորդումները: Աչքի առջեւ ունեցէք առիւծն ու Ալին եւ «կողմերուն» ուղղուած զսպուածութեան կոչերը:

 

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Խաղում Է Կրակի Հետ». Հարցազրոյց Ռուբէն Սաֆրաստեանի Հետ

Յաջորդը

Հալէպի Տարածքին Ջրամատակարարումը Թէեւ Ոչ Ամբողջովին` Կը Վերականգնի

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?