
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի հերքեց Սէուտական Արաբիոյ հետ խորհրդակցութիւններու լուրը` նշելով, որ այդպիսի բան տեղի չէ ունեցած, Սուրիոյ ազգային անվտանգութեան գրասենեակի ղեկավար հազարապետ-զօրավար Ալի Մամլուք Սէուտական Արաբիա չէ այցելած եւ սէուտցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպում չէ ունեցած:
Զոհպի Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի խօսքերը նկատեց «սնամէջ եւ անկիրթ»` նշելով. «Ան Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը եղած ատեն հրէական լոպիին հետ համակարգում կը կատարէր»:
«Ժուպէյրի յայտարարութիւնները կրկնութիւն են նախկին կեցուածքներուն, որոնց նպատակը ստեղծելն է այն տպաւորութիւնը, թէ Սէուտական Արաբիան ազդեցիկ պետութիւն է», ըսաւ ան: Զոհպի զարմանք յայտնեց, որ սէուտցի պաշտօնատարներ օրինականութեան մասին կը խօսին, եւ սէուտական վարչակարգին մարտահրաւէր ուղղեց վարչակարգին առնչութեամբ ժողովուրդի կարծիքին մասին թագաւորութեան մէջ հարցախոյզ կատարելու:


