Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուտ Հիւանդն Ու… Մեծապատիւ Մուրացկանները

Օգոստոս 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Առտու կանուխ էր, արեւը տակաւին չէր ծագած: Սովորական ժամուս արթնցայ, սակայն ամէն օրուան նման անկողնէս դուրս չցատկեցի, պատրաստուելու ու մասնակցելու Լոս Անճելըսի խճողուած մայրուղիներու «ճակատամարտին»: Սիրտ չունէի գործատեղիս հասնելով` գաւաթ մը սուրճ ըմպելէ  ետք, անցնելու գործիս: Ամէն օրուան նման, այդ առաւօտ եւս, զարթուցիչս անուշ քունս խանգարեց` յիշեցնելով, թէ պէտք է պատրաստուիմ ու երթամ գործի: Ամէնօրեայ սովորութիւն է, սակայն այդ օր` առանց մասնաւոր պատճառի, բան չէի ուզեր ընել: Ես ինծի, գրեթէ բարձրաձայն` «խերը անիծեմ, ինքզինքս «սուտ հիւանդ» պիտի ձեւացնեմ, ու մինչեւ կէսօր պիտի քնանամ»: Երկար քնանալու փափաք ունէի, սակայն շաբաթավերջը  բաւական հեռու է. տօնական օր ալ չունինք այս ամիս:

Ժամ մը ետք, գործատեղիս կը հեռաձայնեմ  ու ձայնիս կեղծ խռպոտ ու հիւանդոտ ոճ մը տալով կը յայտնեմ,  թէ «լաւ չեմ զգար ու այսօր պիտի բացակայիմ»: Վերակացուս` «Անցած ըլլայ» ըսելով, կը փակէ հեռախօսը: «Անցնելիք բան մը չկայ, որ անցնի», կ’ըսեմ միտքէս ու մէկ կողմէն միւսը դառնալով` կը պատրաստուիմ  քնանալու:

Կ’ուզեմ քնանալ երկա՜ր, մինչեւ կէսօր, իսկ եթէ կարենամ, ամբո՜ղջ օրը:

boghos-(1)_8-17-15

Շուտով դարձեալ խոր քունի կ՛անցնիմ, սակայն յանկարծ հեռաձայնիս ձայնը կը խանգարէ անուշ քունս: Առանց իսկ ստուգելու հեռաձայնողին թիւը, կը վերցնեմ ընկալուչը: Անգլերէնով` «Բարեւ պարոն Շահ մե..  մե.. քիլ… եան (նոյնիսկ անունս չի կրնար ճիշդ հնչել), ինչպէ՞ս էք այսօր, իմ անունս այսինչն է, կ՛ուզեմ ձեզ տեղեկացնել, թէ…», ու առանց շունչ առնելու անգիր սորված ու օրական բազմիցս կրկնած նախադասութիւնները իրարու  կը յաջորդեն: Առիթ չի տար պատասխանելու: Առաջին անգամը չէ, որ նման հեռաձայններ կը ստանամ, սակայն այսօր որոշած եմ հանգիստ քնանալ եւ չեմ ուզեր խանգարուիլ: «Տոկոսները բաւական անկում արձանագրած են, կրնաս աւելի ցած տոկոսով փոխարինել տանդ պարտքը եւ հազարաւոր տոլարներ խնայել»: «Շնորհակալ եմ, հետաքրքրուած չեմ», կը պատասխանեմ ու կը պատրաստուիմ ընկալուչը վար դնել, սակայն «մեծապատիւ մուրացկանը» կը շարունակէ իր անգիր ըրած «դասին» երկրորդ մասը: Հեռաձայնը մէկու մը երեսին փակելու սովորութիւն չունիմ. կը պնդեմ, որ «հետաքրքրուած չեմ», ինքն ալ իր կարգին կը պնդէ, որ «այս ոսկի առիթը պէտք չէ փախցնեմ»: «Կը ներես, այլ հեռաձայնի պէտք է պատասխանեմ» ըսելով` կէս կը ձգեմ իր խօսքը եւ «ոսկի առիթը» փախցնելով կը պատրաստուիմ քնանալու:

Քնանալ երկար… մինչեւ կէսօր:

boghos-(2)_8-17-15

Բարեբախտաբար, շուտ քունի կ՛անցնիմ: Հեռաձայնը վար դնելէս քանի մը վայրկեան ետք` արդէն խոր քունի անցած, նոյնիսկ երազ ալ տեսած եմ, երբ ընդոստ օդը կը ցատկեմ: Պարտիզպանս ժամանած է ու խոտերը կը կտրէ խոտ կտրելիք աղմկոտ մեքենայով: Անկարելի է քնանալ: Մօտաւորապէս 15 կամ 20 վայրկեան ետք, մեքենան լռած է, իսկ ես կը պատրաստուիմ քնանալու: Անմիջապէս ետք, ծառերէն թափած տերեւները անկիւն մը փչելէ ետք, կը սկսի զետեղել խոտի կանաչ ամանին մէջ: Վերջապէս այդ մէկն ալ կը լռէ, եւ կը յուսամ, որ ուր որ է հիմա կը մեկնի եւ… հանդարտութիւն կը տիրէ ամէն կողմ, սակայն… «Նպատակս, տկարութիւն չի ճանչնար»: Այդ օր, ամէն մարդ որոշած է խանգարել  ու «պատժել» սուտ հիւանդը: Պարտիզպանն ու իր օգնականը` անտեղեակ թէ ներսը քնացող մը կայ (աւելի ճիշդը, քնանալու փորձ ընող մը), պատուհանիս ճիշդ տակը սպաներէնով կը զրուցեն` երբեմն բարձրաձայն խնդալով: Քնացիր, եթէ կրնաս…

Վերջապէս կը մեկնին, ու դարձեալ կը պատրաստուիմ երկար քուն մը քաշել. «Աղքատը երբ գողութեան ելլէ, լուսինը կը ծագի անպայման», իսկ երբ սուտ հիւանդը հանգչիլ կամ քնանալ ուզէ կարծես ամէն ոք խօսքը մէկ ըրած կ՛ուզէ խանգարել զինք:

Ո՞րքան ժամանակ անցնելէն տեղեակ չեմ ու յանկարծ… «Անլռելի հեռաձայնս» դարձեալ կը յիշեցնէ, թէ արթննալու ժամանակս շատոնց անցած է: Կը վերցնեմ հեռաձայնը: «Բարեւ ձեզ, ինչպէ՞ս էք այսօր»: Երբ հեռաձայնային խօսակցութիւնը սկսի անծանօթի մը որպիսութեան մտահոգութեամբ` յաջորդող նախադասութիւններուն նիւթը յայտնի է: «Սեւ աչքերուս» համար չէ, որ կը հեռաձայնէ: Անպայման ծախելիք ապրանք մը ունի: Մէկը կը ջանայ տունս վերանորոգել (կարեւոր չէ պէտք ունիմ կամ ոչ), ուրիշ մը հրդեհի եւ գողութեան դէմ ահազանգ կ՛ուզէ զետեղել, մինչ այդ, ընտրութիւններուն քանի մը օր մնացած է, եւ  թեկնածուներու գրասենեակներէն անդադար հեռաձայններ «կը տեղան»: Հանրապետականները կը ջանան համոզել, որ իրենց թեկնածուին քուէարկեմ, Դեմոկրատներ տարբեր տեսակի խոստումներով իրենց «պարկեշտ» թեկնածուին գովքը կ’ընեն: Անվերջանալի խոստումներ: Խոստումներ, որոնք ընտրութենէն  անմիջապէս ետք պիտի մոռցուին: Լոյս իջնէ գերեզմանիդ Յակոբ Պարոնեան: Քու «Մեծապատիւ մուրացկաններդ» տակաւին սկսնակներ են բաղդատմամբ Ամերիկայի «Յարգարժան մուրացկաններուն»:

Շատ չանցած` ուրիշ հեռաձայն մը. այս անգամ հայերէն լեզուով:

«Բարեւ ձեզ, զանգահարում ենք Forest Lawn գերեզմանատնից, խելօք բան է սկզբից ապահովել ձեր վերջնական հանգստարանի վայրը: Շատ յարմար, գեղեցիկ տեսարանով, օդասուն քանի մը հող մնացած է, որոնց կարող էք մասնավճարով  տէր դառնալ»:

«Տակաւին մեռնելու մտադիր չեմ, երբ յարմար ժամանակը գայ ձեզի իմաց կու տամ»: Երկար բարակ կը համոզէ, թէ սկիզբէն հող մը ապահովելը խելացի որոշում է, թէ իր ընտրած շրջանին «բնակիչները» բոլորը հայեր են, եւ` «Մենք, հայերս միշտ ալ փնտռած ենք հայերու դրացնութիւնը» եւ երկար բարակ անտրամաբանական օրինակներով կը ջանայ համոզել գերեզմանէն «լաւ դիրքի վրայ» գտնուող հող մը ծախել: Չեմ յիշեր քանի՞ անգամ «Շնորհակալ եմ» ըսելով կ՛ուզեմ վար դնել հեռախօսը, բայց ինք` տակաւին կը ջանայ համոզել: Վերջապէս, ե՛ս կը յաջողիմ համոզել զինք, որ ինձմէ յոյսը կտրէ ու ջանայ գտնել աւելի յարմար յաճախորդներ:

Ասկէ ալ ազատեցանք:

boghos-(3)_8-17-15

Հեռաձայնները իրարու կը յաջորդեն: Կ՛որոշեմ  ալ  չպատասխանել: Քանի մը անգամ զանգը կը հնչէ, ու երբ չպատասխանեմ, հեռախօսը կու տայ իր մէջ արձանագրուած պատգամը: «Ներկայիս տունը մարդ չկայ ձեզի պատասխանելու (սուտ եմ). կը խնդրուի ձեր պատգամը արձանագրել, եւ շուտով կը պատասխանենք (սպասէ)»: Հեռաձայնողին կողմէ կ՛արձանագրուի երկար պատգամ մը, զոր նոյնիսկ մտիկ չեմ ըներ ու աւարտելէն անմիջապէս ետք կը ջնջեմ:

Դարձեալ խանգարուեցայ:

Յանկարծ միտք մը կը ծագի: Չխանգարուելու ամէնէն պարզ ձեւը հեռաձայնները մարելն է: Երբեմն, ամէնէն պարզ լուծումը մարդու մտքէն չ’անցնիր: Նախապէս ինչպէ՞ս չմտածեցի: Գոհ` գտած «մեծ գիւտէս», անմիջապէս տան բոլոր հեռաձայնները կը մարեմ ու մտքէս` «Հիմա ուզածնուդ չափ հեռաձայնեցէք» ըսելով անկողին կ՛ուղղուիմ, երբ այս անգամ` բջիջային հեռաձայնս կը սկսի «երգել»:

Կինս է հեռաձայնողը:

«Խանգարեցի՞, քնացա՞ ծ էիր, արթնցուցի՞»:

«Խանգարե՞լ, քաւ լիցի.  հիանալի օր մը կ’անցընեմ, հաճոյքներով լեցուն. տուն վերադարձիդ` կը պատմեմ»:

Յետմիջօրէին` տուն վերադարձին, ժպիտը դէմքին առաջին հարցումը կ՛ըլլայ. «Ինչպէ՞ս է սուտ հիւանդը»:

«Իրական հիւանդ», կ՛ըլլայ պատասխանս:

Մնացածը պատմելու կարիք չկար:

Առաջին անգամն է, որ իբրեւ «սուտ հիւանդ» կը բացակայիմ գործէս: Վստահաբար զուգադիպութիւն է այսքան մեծ թիւով հեռաձայններ ստանալն ու խանգարուիլը: Կրնա՞յ ըլլալ որ իմ «պատիժս» ըլլար այդ մէկը: Երբ առողջ եմ ու գործ ունիմ, ի՞նչ պէտք ունիմ տունը մնալու: Ես, որ միշտ զարմանքով ու արհամարհանքով նայած եմ այն մարդոց, որոնք բժշկական կեղծ վաւերագիրներով իրենք զիրենք «անկար» կը ձեւացնեն ու կը նախընտրեն տունը մնալ, ե՞ս ալ այդ մակարդակին իջայ, հոգ չէ թէ միայն մէկ օրուան համար: Այդ մէկ օրը արժանի պատիժս կրեցի. միեւնոյն ժամանակ կեանքի դպրոց մը եղաւ, որ սորվեցուց, թէ աշխատանքն է, որ կ’ազնուացնէ մարդու հոգին: Պիտի ջանամ աշխատիլ, այնքան ատեն որ առողջութիւնս կը ներէ:

Յաջորդ առաւօտ կանուխ ելայ անկողնէս եւ գործատեղիս հասայ բնական ժամէս բաւական կանուխ եւ հազիւ նստած համակարգիչիս դիմաց` զգացի թէ արդէն բուժուած եմ` ֆիզիքապէս ու հոգեպէս:

Առաջին եւ վերջին «սուտ հիւանդ» ձեւանալս եղաւ այդ մէկը:

Լոս Անճելըս 2015

 

Նախորդը

Դպրոցը Սոսկ Գործնապաշտական Նպատակի՞ Պիտի Ծառայէ, Թէ՞ Միաժամանակ Մարդացման

Յաջորդը

Օրտուի Հայրենակցական Միութիւն Մը…

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?