
Երէկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնած է Մոսկուա:
Պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցումով` նախարար Օհանեան մեկնած է Մոսկուա` մասնակցելու Ռուսիոյ «Միջազգային բանակային խաղեր-2015» նախաձեռնութեան այսօր «Ալապինօ» ուսումնամարզական համալիրին մէջ տեղի ունենալիք «Հրասայլային պիաթլոն» մրցումներու եզրափակիչ հանգրուանին:


