
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ իրանեան «Սանիր» ընկերութիւնը եւ Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը ներկայացնող Բարձրավոլթ ելեկտրականութեան ցանցեր ընկերութիւնը վերաստորագրած են Իրան-Հայաստան ելեկտրականութեան հաղորդման 3-րդ բարձրավոլթ գիծի կառուցման վերաբերեալ համաձայնագիրը:
107 միլիոն եւրօ արժողութեամբ համաձայնագիրը ունի ռազմավարական նշանակութիւն եւ կը նախատեսուի աւարտին հասցնել 24 ամիսէն:
Իրանի Արտածումներու դրամատունը ստանձնած է նախագիծի ֆինանսաւորման 70 առ հարիւրը, իսկ մնացեալ մասը` «Սանիր» ընկերութիւնը:
Իրանեան լրատուամիջոցին համաձայն, ծրագիրով կը նախատեսուի իրանեան ելեկտրական ցանցը կապել նաեւ Վրաստանի եւ Ռուսիոյ հետ, ինչ որ կարելի պիտի դարձնէ Իրանէն ելեկտրականութեան արտածումը կովկասեան երկիրներ:


