Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահական Ընտրութեան Առումով Զօր. Աուն Պարտադիր Անցք Է» Ըսաւ Սէյիտ Նասրալլա

August 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սէյիտ Հասան Նասրալլա
Սէյիտ Հասան Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա 2006-ի յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակին Թ. տարեդարձին առիթով երէկ պատկերասփռուած ճառ մը արտասանեց Հըզպալլայի կողմէ կազմակերպուած փառատօնին ընթացքին:

Սէյիտ Նասրալլա ցաւ յայտնեց այն յայտարարութիւններուն համար, որոնք կ՛անդրադառնան Ազգային ազատ հոսանքը կամ անոր ղեկավարը` երեսփոխան զօր. Միշել Աունը լքելու կամ մեկուսացնելու հարցին:

«Մենք միշտ ալ կոչ ուղղած ենք երկխօսութեան եւ անտեսումին վերջ տալուն: Մենք կը մերժենք, որ մեր դաշնակիցները լքուին կամ մեկուսացուին, յատկապէս անոնք, որոնք յուլիսեան պատերազմին ընթացքին զօրակցեցան մեզի եւ իրենց ճակատագիրը մէկտեղեցին մեր ճակատագիրին հետ: Այս հարցը, ինչպէս քաղաքական ամէն հարց, բարոյական է եւ զոհողութեան արժանի: Իսկ նկատի ունենալով, որ այս օրերուն թիրախը զօր. Աունն է, ապա ես կը վստահեցնեմ, որ պիտի չկարենաք Աունը մեկուսացնել», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով զօր. Աուն պարտադիր անցք է, եւ իրենք այդ կեցուածքին յանձնառու կը մնան»: «Իսկ ով որ կ՛ուզէ երկրին կառավարութիւնը արդիւնաբեր դարձնել, ապա պէտք է իմանայ, որ զօր. Միշել Աուն պարտադիր անցք է», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ հակառակ այս հանգրուանին իրենց ունեցած բազմաթիւ աշխատանքներուն, իրենք կը շարունակեն զօրակցիլ իրենց դաշնակիցներուն, որովհետեւ Լիբանան կը գտնուի ազգային իսկական տագնապի մը դիմաց եւ կարելի չէ այդ իմաստով իրարու չօժանդակել:

«Լիբանանի հարցերը միայն երկխօսութեամբ կարելի է լուծել, այլապէս երկիրը կրնայ քանդուիլ: Կոչ կ՛ուղղեմ քրիստոնեայ ղեկավարութիւններուն վերատեսութեան ենթարկելու իրենց կեցուածքները եւ վերաբանալու խորհրդարանն ու աշխատելու` լուծելու համար երկրին տագնապները», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ պէտք է վերջ տալ Լիբանանի մէջ իշխող համայնքի մտայնութեան եւ հաւատալ պետութեան, որ բոլորին երաշխիքն է:

Փառատօնին առիթին ակնարկելով սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ 14 օգոստոս 2006-ը աստուածային օր է: Ան ողջունեց այդ յաղթանակին համար իր ներդրումը ունեցած իւրաքանչիւր անհատ, ազատամարտիկ եւ իր տունէն գաղթած քաղաքացի:

Յաղթանակի փառատօնը Ուատի Հուժէյրի մէջ կայացնելուն մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այդ շրջանը կարեւոր է իմամ սէյիտ Ապտել Հիւսէյն Շարաֆէտտինի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած պատմական համագումարին համար, որուն մասնակցեցան լիբանանցի հոգեւորականներ, որոնք յստակ ուղեգիծ մը որդեգրեցին եւ ժիհատի լծուեցան: «Այդ ուղեգիծին հետեւեցաւ եւ զայն ամրապնդեց նաեւ անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըր», աւելցուց ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց Դիմադրութեան կառչած մնալու եւ ամէն տեսակի բռնագրաւումի դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ 11 օգոստոս 2006-ին` Իսրայէլի ի նպաստ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի վաւերացման թուականին, Իսրայէլ մեծ անմտութիւն մը կատարեց Ուատի Հուժէյրի մէջ կարգ մը զգայուն հրոսէջքեր կատարելով: «Իրենց այս ընթացքով իսրայէլեան ուժերը կ՛ուզէին Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնել, սակայն Ուատի Հուժէյրը վերածուեցաւ իսրայէլեան ուժերուն դժոխքին եւ գերեզմանատան», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ կը շահագործեն ՏԱՀԵՇ-ը` շրջանին դիմագիծը փոփոխութեան ենթարկելու համար` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է զգուշանալ ամերիկեան դաւադրութիւններէն, «որովհետեւ Ուաշինկթըն իսկական ծրագիրը շրջանի մասնատումն ու բաժանումն է` Իրաքէն մինչեւ Սուրիա եւ Սէուտական Արաբիա` իրականացնելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շահերը», նշեց ան:

Սուրիոյ պատերազմին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ սուրիական չափաւորական ընդդիմութիւնը չի կրնար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարիլ` աւելցնելով, որ սուրիական բանակը եւ սուրիացիները բոլոր շրջաններուն մէջ կը պատերազմին Սուրիոյ միասնականութեան համար:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով, որ Եմէնի մէջ գործադրուող բռնարարքները չեն կրնար յաղթել, այնքան ատեն որ բռնագրաւումը մերժող եւ պայքարի կամք ունեցող ժողովուրդ կայ:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Զարիֆ Պատրաստակամութիւն Յայտնեց Օժանդակելու Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթին»

Յաջորդը

Վանի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Պատարագը Կրնայ Չեղեալ Նկատուիլ

RelatedPosts

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած  Օտարերկրեայ Դեսպանները`  Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ  Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Օտարերկրեայ Դեսպանները` Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»

January 21, 2026
Պըրրի. «Հարեթ Հրէյքի Թիրախաւորումը  Չափազանց Վտանգաւոր Զարգացում Է, Որ Ցոյց Կու Տայ,  Թէ Պէյրութը Պաշտպանելու Երաշխիքներ Չկան»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Սէուտցիները Կը Շեշտեն, Որ Որոշումը Պետութեանը Ըլլայ, Եւ Պըն Ֆարհանի Հետ Հանդիպումս Հոյակապ Էր»

January 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.