Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Ոչ Մէկ Որոշում Տուաւ, Իսկ Հարպ Որոշեց Պոյքոթի Ենթարկել Կառավարութեան Նիստերուն Իր Մասնակցութիւնը

August 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ղազի Զաայթեր, Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Արթիւր Նազարեան:

Աւելի քան երեք ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին սկիզբը վարչապետ Սալամ դարձեալ ընդգծած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ նախագահական թափուր աթոռի հարցը իր հսկայ վնասները կ՛ունենայ երկրին վրայ:

«Վարչապետ Սալամ աւելցուց, որ իրենք տակաւին կը ջանան լուծում մը գտնել երկրին աղբերուն հարցին, որ ազգային հարց մըն է եւ առանց ազգային դասաւորումներու ոչ մէկ լուծումի պիտի յանգի», ըսաւ Ժրէյժ:

Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, սակայն ոչ մէկ որոշում տրուեցաւ: Ապահովական կառոյցներու պետերու նշանակումին առումով ոմանք վերապահութիւն յայտնեցին, իսկ այլ նախարարներ յարմար նկատեցին, որ այդ պետերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումը յետաձգուէր:

Ժրէյժ ըսաւ, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր նիստերը գումարել` համաձայն վարչապետ Սալամի հրաւէրին, յոյս յայտնելով, որ կառավարութեան աշխատանքին արդիւնաւէտ ընթացքը խոչընդոտող նախարարներուն խիղճը զարթնի:

Ժրէյժի յայտարարութիւններէն ետք փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել յայտնեց, որ ինք պարտադրուած կը զգայ Լիբանանի հանրային կարծիքին փոխանցելու, թէ ամբողջ Լիբանանը պաշտպանող բանակը սննդեղէնի եւ գումակային ի՛նչ վնասներու ենթակայ պիտի ըլլար, եթէ վարկերու փոխանցման հրամանագիրը չստորագրուէր: «Իսկ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը սեպտեմբերէն առաջ կատարուեցաւ` վերջ տալու համար տեղեկատուութեան մարզին եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ այդ նիւթին շուրջ քննարկումներուն», շեշտեց ան:

Միւս կողմէ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ ինք որոշած է կառավարութեան նիստերուն իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել` նկատի ունենալով, որ կառավարութեան նպատակը որոշումներ տալ չէ:

 

Նախորդը

Հարիրի Ընդունեց Ժոմպլաթը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Սպայակոյտի Նոր Պետը Հայկական Նիւթով Դոկտորական Պաշտպանած Է

RelatedPosts

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած  Օտարերկրեայ Դեսպանները`  Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ  Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Օտարերկրեայ Դեսպանները` Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»

January 21, 2026
Պըրրի. «Հարեթ Հրէյքի Թիրախաւորումը  Չափազանց Վտանգաւոր Զարգացում Է, Որ Ցոյց Կու Տայ,  Թէ Պէյրութը Պաշտպանելու Երաշխիքներ Չկան»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Սէուտցիները Կը Շեշտեն, Որ Որոշումը Պետութեանը Ըլլայ, Եւ Պըն Ֆարհանի Հետ Հանդիպումս Հոյակապ Էր»

January 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.