Տաւուշի մէջ 8 օգոստոսին հակառակորդի կրակոցէն պայմանագրային զինուոր վիրաւորուած է: Պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան հաւաստեց, որ 30-ամեայ Նուէր Սահակեան թեթեւօրէն վիրաւորուած էր կրծքավանդակէն, բազուկէն եւ սրունքէն: Զայն տեղափոխած են Իջեւանի հիւանդանոց, բայց արդէն վիճակը լաւ է, կը գտնուի տան մէջ:
Նուէր Սահակեան Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղէն է, բայց մնայուն կերպով կը բնակի Իջեւանի մէջ: