Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 2015-2016 տարեշրջանը:
Բացման մրցումին Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Թոթենհամին: Մրցումին եւ տարեշրջանին առաջին կոլը նշանակեց Թոթենհամի մարզիկ Քայլ Ուոքըր` սխալմամբ իր բերդին մէջ (22-րդ):
Այսպիսով, Եունայթըտ իր դաշտին` «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ աւելի քան 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը:
Ախոյեան Չելսի, որ «Սթեմֆըրտ Պրիճ»-ի մէջ հիւրընկալեց Սուանզին, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Օսքար (23-րդ) եւ Ֆետերիքօ Ֆեռնանտեզ (30-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ), նշանակեցին Չելսիի կոլերը, իսկ Անտրէ Այու (29-րդ) եւ Պաֆեթիմպի Կոմիս (55-րդ` փենալթիով)` Սուանզիի կոլերը:
41 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին Չելսիի պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա ստացաւ տարեշրջանի առաջին կարմիր քարտը` իր կատարած զօրաւոր թեքըլին համար:
Ան պիտի բացակայի յաջորդ հանգրուանին Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն: