ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի ֆութպոլի խումբը համահայկական խաղերուն արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հոլիվուտի խումբը:
Երեւանեան խումբին կոլերը նշանակեցին Արա Յակոբեան եւ Գուրգէն Ենգիպարեան:
Երեւանի խումբը, գրաւելով իր խմբակին առաջին դիրքը, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, ուր կը մրցի Թեհրանի խումբին դէմ:
Հայկական աղբիւրը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Երեւանի խումբին մաս կը կազմեն Հայաստանի հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստներ: