Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Հանս Հորպախը (նստավայրը` Թիֆլիս), որ կ՛աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը մեր երկրին մէջ: Վարչապետը նշեց, որ Հայաստան պատրաստակամ է աւելի աշխուժացնելու քաղաքական, առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր մարզերուն մէջ:
Դեսպան Հորպախ նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ էր Հայաստանի մէջ պաշտօնավարելը: Ընդգծելով, որ Հոլանտա կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ փոխադարձ գործակցութեան խորացումը, Հանս Հորպախ համոզում յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ կապերը կը շարունակեն զարգանալ եւ ամրապնդուիլ:
Զրուցակիցները նաեւ միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի եւ Հոլանտայի միջեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան աշխուժացման, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու խորացման շուրջ: