Հայրենի «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթը կը գրէ. «Այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն Հայաստանէն պղինձի խտանիւթի արտածումը, անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ, աճած է աւելի քան մէկուկէս անգամով: Արտածուած է 147 հազար թոն` անցեալ տարուան 95 հազար թոնին դիմաց:
«Տնտեսութեան որակական զարգացման հեռանկարի բացակայութեան պատճառով Հայաստանի մէջ շեշտը դրուած է ընդերքի անխնայ շահագործման վրայ, որուն հետեւանքները պիտի ըլլան ծանր», կ՛ընդգծէ «Հայկական ժամանակ»:


