Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիպար Հայորդի Եւ Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Յակոբ Խաճարեանի Յիշատակին

Օգոստոս 8, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hagop_8-08-15Մօտ քառասուն օրեր առաջ` 2 յուլիսին Դամասկոսի հայութիւնը մեծ կսկիծով, սակայն արժանավայել յարգանքով հողին յանձնեց գաղութի ծանօթ անձնաւորութիւններէն Յակոբ Պ. Խաճարեանը:

Ան Խարբերդէն գաղթած Պօղոս Խաճարեանի երեք որդիներուն կրտսերագոյնն էր, ծնած 1930-ին եւ ճաշակած գաղթականութեան պատճառած բոլոր զրկանքներն ու դժուարութիւնները: Հացի կարօտը ստիպած էր զինք կանուխէն ձգել դպրոցը եւ նետուիլ դերձակութեան ասպարէզ` հետեւելով իր մեծ եղբօր:

Բայց եւ այնպէս գործի դժուարութիւնները եւ պարտաւորութիւնները երբեք պատճառ չեղան, որ ան հեռու մնայ գիրէն ու գրականութէնէն, ան ինքաշխատութեամբ հայերէն եւ արաբերէն լեզուներու կողքին տիրապետեց նաեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն, ընթերցանութիւնը, որուն նուիրած էր իր ազատ ժամերը հասցուցած էին զինք զարգացման նախանձելի մակարդակի մը, որ հաճոյք կը պատճառէր իր զրուցակիցներուն:

Ան ամուսնացաւ 1967-ին եւ կազմեց պատուական ընտանիք մը` հայր դառնալով երկու դուստրերու:

Եղբ. Յակոբ ծանօթ էր բոլորին որովհետեւ երկար տարիներ զանազան առիթներով կազմակերպուած ձեռնարկներուն եւ հանդիսութիւններուն յաճախ բեմի վրայ էր, երբեմն իր լուրջ ելոյթներով եւ ասմուքներով, իսկ յաճախ ալ զանազան նիւթերով իր յօրինած քննադատական կամ գովերգական կատակագրութիւններով: Ան քննադատած է փառամոլութիւնը, ինքնահաւանութիւնը, չարաշահութիւնը, պատեհապաշտութիւնը եւ այլ մոլութիւններ, նաեւ գովերգած եւ փառաբանած է հայ ժողովուրդի աշխատասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնը, միակամութիւնը նոյնիսկ միամտութիւնը, եւ այս բոլորը պարզ եւ հաճելի լեզուով ու օրինակներու մէջբերումներով, որոնք նկատած է մանաւանդ դամասկահայերու մօտ:

Յակոբ Խաճարեան կանուխէն անդամակցած է ՀՄԸՄ-ին, իբրեւ առաջնակարգ մարզիկ մաս կազմած է պասքեթպոլի, վազքի եւ մանաւանդ հեծելարշաւի խումբերուն` արժանանալով Սուրիոյ մակարդակի պետական շքանշաններու:  Սկաուտական կազմին մէջ հասած է վարիչ առաջնորդի աստիճանին եւ երկար շրջան մը տարած է վաշտի Ագելլայի պաշտօնը, մասնակցած է  ՀՄԸՄ-ի համագաղութային եւ տարածաշրջանային բանակումներուն, որոնց ընթացքին աչքի զարկած է իր զանազան ձիրքերով, մանաւանդ սկաուտական գաւազաններու վրայ գեղեցիկ փորագրութիւններով եւ գծագրութիւններով: Իր մասնակցած իւրաքանչիւր բանակումէ պահած է այդ ձեռայիններէն վրան յիշելով բանակումի վայրն ու թուականը այսպիսով ունենաելով բաւական հարուստ հաւաքածոյ:

Տարիներ շարունակ ընտրուած է մասնաճիւղի վարչութեան անդամ կամ նշանակուած Սկաուտական խորհուրդի կազմին մէջ եւ այս բոլորին ու այլ գործունէութեանց համար գնահատուած է միութեան կողմէ` եւ 1993-ին, ՀՄԸՄ-ի 75-ամեակի առթիւ ստանալով միութեան Ծառայութեան շքանշանը:

Համազգայինի Դամասկոսի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղին մէջ եւս ունեցած է տարիներու ծառայութիւն, իբրեւ վարչական նաեւ` թատերգական ու գեղարուեստական աշխատանքներու մասնակից, ուր նաեւ արժանացած է մասնաճիւղի յատուկ պատուոյ գիրի մը:

Իր այս բեղուն գործունէութէնէն ետք, վերջին ամիսներուն ան ֆիզիքապէս տկարացած էր եւ հազուադէպօրէն տունէն դուրս կու գար, բայց ան երբեք առանձին չզգաց ինքզինք, զինք սիրողներու եւ յարգողներու փաղանգը այնքան մեծ էր, որ ամէն օր այցելու ունէր, իսկ հեռու մնացողներուն վիճակին մասին ինք կը հարցնէր, անոնց յաջողութիւններով կ՛ուրախանար եւ ցաւալի լուրերով կը տխրէր` բոլորովին մոռնալով իր ոչ նախանձելի վիճակը: Այսպէս մնաց ան մինչեւ որ հասաւ այն օրը, երբ իր հանդարտ բնաւորութեան նման հանդարտօրէն եւ յաւիտեանս հանգչեցաւ իր անկողինին մէջ, որուն կողքին զետեղուած սեղանիկին վրայ խնամքով շարուած կը պահէր իր հպարտութեան պատճառ հանդիսացող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Մարզիկ» ամսագիրի հաւաքածոն, զոր թերթատելու առիթ պիտի չունենայ ասկէ ետք:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, եղբ. Յակո՛բ:

ՀՄԸՄ-Ի ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

Կին, Զինուոր, Բուժքոյր` Կարինէ Դանիէլեան

Յաջորդը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով. Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?