Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով. Հաղորդագրութիւն

Օգոստոս 8, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

PerioTem_8-08-15

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 161-րդ նիստը գումարուեցաւ ուրբաթ, 31 յուլիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահը, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ Թեմի երեսփոխաններուն, Ազգ. Կրօնական ժողովին, Ազգ. վարչութեան շրջանաւարտ կազմերուն եւ խորհուրդներու ատենապետներուն:

Նիստը յատկացուած էր Թեմի շրջանաւարտ Գործադիր իշխանութեան զոյգ կազմերու գործունէութեան երկամեայ (2013-2015) տեղեկագիրներու քննարկման, արժեւորման եւ նոր կազմերու ընտրութեան:

Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 161-րդ նիստը սկսաւ առաջնորդ սրբազան հօր բացման աղօթքով, որ նաեւ «Հոգւոց» արտասանեց ժողովի անդամ նորոգ հանգուցեալ Վահէ Թիւթիւնճեանի հոգւոյն: Ապա ան փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական ողջոյնները, բարեմաղթու-թիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները` ժողովին գումարումը ինքնին նկատելով հայութեան վաւերական ներկայութեան ապացոյց, երբ Թեմի Ազգ. իշխանութիւնը սուրիական տագնապի դժուարին պայմաններուն մէջ ո՛չ միայն կը շարունակէր ապրիլ ու գործել, այլ նաեւ ստեղծագործել: Սրբազան հայրը իր գնահատանքը յայտնեց շրջանաւարտ կազմերուն, որոնք միաժամանակ կազմակերպած էին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւնները, բարի աշխատանք, արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ քաջառողջութիւն մաղթելով բոլորին:

Ներկայացուեցան շրջանաւարտ Ազգ. Կրօնական ժողովի եւ Ազգ. վարչութեան երկամեայ տեղեկագիրները, որոնք հանգամանօրէն փոխանցեցին երկամեակի վարչական, ժողովական, հոգեւոր, միջհամայնքային, միջեկեղեցական, քրիստոնէական դաստիարակութեան, կրթական, կալուածային, տնտեսական, ընկերային ծառայութեան, մարդասիրական, դատաստանական բնագաւառներու լայնածիր գործունէութիւնները: Իւրաքանչիւր տեղեկագիրի ընթերցման յաջորդեցին լուսաբանական հարցումներ, տեղի ունեցան քննարկումներ եւ կատարուեցան առաջարկներ, ապա ներկայացուած տեղեկագիրները վաւերացուեցան Ազգ. Երեսփոխանական ժողովին կողմէ: Փոխանցուեցան նաեւ Թեմի երկամեայ Տնտեսական եւ Հաշուեքննիչ մարմինի տեղեկագիրները, որոնք իրենց կարգին, յետ քննարկման, վաւերացուեցան ժողովականներուն կողմէ:

Ժողովականները իրենց անվերապահ գնահատանքը արձանագրեցին շրջանաւարտ կազմերուն: Անոնց կողմէ իրագործուած բազմաբնոյթ գործունէութիւնը խօսուն ապացոյց էր, որ անոնք յաջողած էին տնտեսել, ըստ կարելւոյն, հասնիլ մեր ժողովուրդի զաւակներու կարիքներուն` որպէս կազմակերպուած հաւաքականութիւն գործելու մեր կամքը արտայայտելով:

Այս բաժինի աւարտին կատարուեցան յառաջիկայ երկամեակին համար առաջարկներ:

Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը.

– Յանձնառութիւն յայտնեց առկայ պայմաններու պատճառով անհրաժեշտ ձեւափոխումներու եւ յարմարեցումներու ենթարկել մեր կրթական համակարգը անոր պահպանման ի խնդիր:

– Թելադրեց Ազգ. պաշտօնէութեան (հոգեւորական, աշխարհական) ամսականներու յաւելումի ծրագիրի իրագործումը հետապնդել:

– Անհրաժեշտ նկատեց, ներքին տեղաշարժերու որպէս հետեւանք, թեմական կառոյցի յարմարեցման հարկաւոր տնօրինումները իրագործել:

– Սուրիական տագնապին պատճառով համայնքիս կրած կորուստներու եւ վնասներու մասին ցարդ եղած բոլոր արձանագրութիւններու ամբողջական վաւերագրութիւնը պատրաստել:

Ժողովի բանաձեւերու վաւերացումէն ետք, տեղի ունեցաւ նոր կազմերու ընտրութիւնը հետեւեալ կերպով.

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Կրօնական ժողով

Վահան Ծ. վրդ. Պէրպէրեան
Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան
Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան
Մաշտոց Ա.քհնյ. Արապաթլեան
Զարեհ քհնյ. Շաքարեան
Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան
Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեան

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութիւն

Երկրչ. Կարպիս Թովմասեան
Երկրչ. Մարալ Սէմէրճեան
Դոկտոր Հուրի Ազէզեան
Յարութիւն Հայրապետեան
Երկրչ. Տիգրան Պետրոսեան
Սարգիս Կիրակոսեան
Փիեռ Մուսալլի
Րաֆֆի Թանաշեան
Գուրգէն Գալուստեան

Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը ընտրեց յառաջիկայ երկամեակի Հաշուեքննիչ մարմինը:

Ընտրուեցաւ Ազգ. երեսփոխանական ժողովի դիւանը`

Ժիրայր Րէյիսեան ատենապետ
Մեթր Սնպուլ Սնպուլեան ատենապետ
Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան ատենադպիր
Սիլվա Ճապաղջուրեան ատենադպիր

Ժողովի աւարտին Շահան արք. Սարգիսեան փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, գնահատանքը` շրջանաւարտ կազմերուն եւ շնորհաւորութիւնները` նորընտիր կազմերուն, որոնց անդամները գիտակցելով հանդերձ տիրող տագնապին ու դժուարութիւններուն, յանձնառութեամբ կը ստանձնեն իրենց վստահուած ազգային պարտականութիւնը:

Սրբազանը ընդգծեց, թէ Բերիոյ Հայոց թեմի աշխատանքները աստիճանական կերպով եւ անաղմուկ աճումի ընթացքի մէջ են: Ան նաեւ Որդիական շնորհակալութիւնները յայտնեց վեհափառ հայրապետին, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեց սուրիական հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին համար:

Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 161-րդ նիստը վերահաստատեց սուրիահայութեան գոյերթը շարունակելու հաստատակամութիւնը եւ սուրիական հայրենիքին եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը:

Նիստը փակուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով:

ԴԻՒԱՆ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

31/07/2015

Նախորդը

Տիպար Հայորդի Եւ Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Յակոբ Խաճարեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Վերջին Միսաքեանը (Խունկ Ու Ծաղիկ` Արփիկ Միսաքեանի Թարմ Հողաթումբին)

RelatedPosts

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը
Անդրադարձ

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը

Մարտ 22, 2023
Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին
Անդրադարձ

Իրան-Սէուտական Արաբիա Մերձեցումը` Պատուար Նոր-Օսմանականութեան

Մարտ 22, 2023
Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը
Անդրադարձ

Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In