Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անուղղայ Կեդրոնականցին Եւ Խնամիները

August 8, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ, 100-ամեակի յուլիսի շոգ օր մը, Կղզի Ռոպենսոն

Սահմանափակում չկայ
սրամտութեան, որ կը ծառայէ խօսքի ազատութեան,
քանի որ հոն, ուր սրամտութիւնը կանգ կ’առնէ,
անոր տեղը կը գրաւէ գրաքննութիւնը կամ
ինքնագրաքննութիւնը:

ՔԱՊԻՒ, երգիծանկարիչ,
Սպաննուեցաւ 14 Յունուար 2015-ին

Արմենակ իմացեր էր, որ Ռոպենսոնի կղզիին վրայ աշխարհի չորս ծագերէն, վասն մաշկի եւ քսակի ապահովութեան, հայեր համայնք կազմած են: Կ’ըսեն, որ Հայաստան աղքատ է, ապահով չէ, կաշառակերութիւն կայ: Ուրիշ տեղ` տեւական պատերազմ: Հոն դրամ կայ եւ խաղաղ է: Ուրիշ երկիրներ սրբաստա՞ն են:

Կառուցած են երեք տեսակ եկեղեցիներ, կան աղանդներ, ակումբ, սրահ: Կուսակցութիւններ` ոչ միայն աւանդական: Մշակութային, մարզական եւ քմայքի միութիւններ: Ջոջի աճիւն բերած են: Բջիջներէն սերունդ վերարտադրած են քլոնաժով, ջոջի կրկնօրինակներ: Ամիրաներու կենսագիր Յակոբ Պարոնեանի աճիւնը վախով չեն բերած, որ քլոնաժ ընեն: Աբիսողոմի աճիւն` որքան որ ուզէք:

Արմենակ եւ Էլպիս  գացին եկան: Տուրիզմ: Եկան:

– Մակա՛րս, Ռոպենսոնի հայերը պըլըֆ մը կլլեցուցած են: Ի՜նչ քլոնաժ, ի՛նչ գիտութիւն: Հաստ քսակ, հեռու եւ մօտ երկիրներ պահ դրուած դրամ: Իրենք զիրենք ամիրա չեն հռչակած: Խնկարկուներ այդ արուեստը կ’ընեն:

Լեռը ճաշարան մը գացինք: Մարդիկ երբ բարձր թառին, մեծ կը ջարդեն: Արմենակին բարձր բեմ պէտք է: Լեզուն քակելու համար օղի պէտք չէ: Ինչ որ մենք տասը հոգիով չենք լսեր եւ տեսներ, ինք կը տեսնէ: Երբ շունչը հատնի, Էլպիս կը շարունակէ: Արմենակ թափ առաւ…

– Ռոպենսոն կան պերճ հիւրանոցներ եւ տուներ: Կան համեստ թաղամասեր եւ նմանիլ ցանկացողներ, կան օգնողներ, նոր բառով` հովանաւոր: Կան մանրավաճառներ, շորի, ձաւարի եւ արուեստի` տեղական կամ ներածուած:

– Արմենա՛կ, ազգին համար ամէնքն ալ պէտք են:

– Ճի՛շդ: Հրաւիրած էին տոհմիկ երգերու երգչախումբ մը: Մուտքին կը ծախէին տոհմիկ ճաշեր` միութեան եկամուտի համար: Անառարկելի: Հոն կային գեղանկարներ: Երգի փոխան` ճառ լսեցինք: Խօսեցան հովանաւորները: Աւելի ճոխ կ’ըլլար, եթէ խօսէին նաեւ պարագայք իւրեանց: Ո՛չ երգի, ո՛չ գեղանկարի  խօսք, գէթ խօսէին համադամներու մասին, որոնք եթէ չսպառին, ափսոս կ’ըլլայ, կը փճանան:

Էլպիս շարունակեց.

– Խօսեցան մէկ, երկու, երեք խնամիներու մասին, ներկայ-բացակայ, մօտ-հեռու: Ըսին` Ռոպենսոնի վերելքին եւ հայկականութեան կը նպաստեն, այսպէս, այնպէս: Քանի մը երիտասարդներ քրթմնջացին եւ դուրս ելան:

Կեդրոնականցին խօսքը Էլպիսի բերնէն առաւ.

– Գացած էինք արուեստով գինովնալու: Տպաւորիչ խօսք ըսաւ արուեստագէտ խմբավարը: Ըսաւ` «Բարի՛ եկած էք, շնորհակալ ենք, որ եկած էք: Հասկցած էր, թէ ինչու հոն էինք: Ծափահարեցինք իր իմաստութիւնը եւ չափի գիտակցութիւնը: Դրացիս կը նեղանայ, երբ կ’ըսեմ` էսթեպլիշմընթը իրաւունքներ ունի, ան իր ուզածը կրնայ ըսել եւ ընել: Պարոնեանի լրագրողը Աբիսողոմ կը գովէ, քանի որ փող չունի եւ փողի պէտք ունի… Ամիրա մը չկա՞յ Պարոնեանի գործերը հրատարակելու, քանի որ ընթերցող եւ գիրք գնող հազուագիւտ են, ձրի տալ հանդէսի եւ եկեղեցիի մուտքին: Թերեւս սատանայէն փորձուելու պէս… կարդացող կ’ըլլայ:

Արմենակ իր օղին մէկ անգամով կուլ տուաւ… եւ  լռեց:

Եթէ չլռէ, կը լռեցնեն… Վկա՛յ Շարլի Հեպտոն, եթէ ծալած եւ վրան չէք նստած…

 

 

Նախորդը

Մեծ Մօրս` Զարուհի Գալեմքերեանի Ա. Տարելիցին Յիշատակին

Յաջորդը

Կին, Զինուոր, Բուժքոյր` Կարինէ Դանիէլեան

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.