Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ազրպէյճան Այցելած Քոնկրեսականներու Գայթակղութեան Մասին Տեղեկութեանց Հրապարակումը Կը Պահանջէ

Օգոստոս 7, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ANC_8-06-15

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Ներկայացուցիչներու տան Բարոյականութեան յանձնախումբին յղուած նամակով մը կոչ ըրած է բացայայտելու Ազրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան կողմէ գաղտնաբար վճարուած գումարներով Պաքու այցելած ամերիկացի 10 քոնկրեսականներու եւ անոնց անձնակազմի 32 անդամներուն այցելութեան շուրջ ծագած գայթակղութեան մանրամասնութիւնները:

Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ պետական կառոյցներուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու օտար կառավարութեան որեւէ փորձի մանրամասնութիւնները պէտք է ամբողջութեամբ հրապարակուին:

Յիշեցնենք, որ նշեալները 2013-ին Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած եւ Կասպից ծովու հարցերուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովին մասնակցելու համար կատարած էին խնդրայարոյց այս այցելութիւնը:

Քոնկրեսի անկախ քննչական ճիւղը հանդիսացող Քոնկրեսական բարոյականութեան գրասենեակին կողմէ պատրաստուած 70 էջնոց զեկուցումին ոչ ամբողջական հրապարակումին համաձայն, Ազրպէյճանի քարիւղի «Սոքար» պետական ընկերութիւնը Ամերիկայի մէջ գործող ոչ շահութաբեր ընկերութիւններու միջոցով առնուազն 750.000 տոլար յատկացուցած է նշեալ գիտաժողովին ծախսերը վճարող կողմին աղբիւրը ծածկելու համար:

Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան Բարոյականութեան յանձնախումբը այս շաբաթ անմեղ հռչակած էր 10 քոնկրեսականները եւ անոնց անձնակազմի անդամները, պնդելով, որ անոնք տեղեկութիւն չունէին, թէ ո՛վ վճարած է ճամբորդութեան ծախսերը:

Այս հարցին շուրջ վերջնական վճիռը պիտի արձակուի Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ:

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի, օրէնսդիրները եւ անոնց անձնակազմի անդամները հարիւր հազարաւոր տոլար ստացած են ճամբորդական ծախսերուն համար:

 

 

 

Նախորդը

Հարաւային Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն

Յաջորդը

Հայաստանի Ոստիկանութիւնը Մուրացկան Երեխաներու Համարկման Համար Ռազմավարութիւն Կը Մշակէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?