Մասնագիտական յանձնախումբը հրապարակած է սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը ամբողջութեամբ: Նախագիծը բաղկացած է 15 գլուխներէ, որոնցմէ առաջին 7-ն հրապարակուած էին յուլիսին:
Նախօրէին տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին յանձնախումբը որոշած է, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն երկրորդ հանգրուան կատարելու մասին դրոյթը պէտք է ձգէ սահմանադրութեան նախագիծին մէջ, եւ ոչ թէ տեղափոխել Ընտրական օրէնսգիրք, ինչպէս կ՛առաջարկեն Վենետիկի յանձնաժողովի փորձագէտները:
Յիշեցնենք, որ օրերս հրապարակուած եզրակացութեան մէջ եւրոպացի փորձագէտները փոփոխութիւններու նախագիծին վերաբերող բազմաթիւ դիտողութիւններ ներկայացուցած են: