Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Միջամտե՞լ Թէ Միջամուխ Ըլլալ

Օգոստոս 4, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hayrenik_8-04-15

Անգարայի թիւ մէկ թշնամին Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրերէն իսկ նախագահ Ասատի ղեկավարութիւնն էր, որ շարունակ բուռն քննադատութեան առարկայ կը դառնար, այնքան մը որ նոյնիսկ այդ օրերուն, երբ դեռ վարչապետի պաշտօն կը վարէր նախագահ Էրտողան, ամենայն ինքնավստահութեամբ յայտնած էր, թէ քանի մը ամիսէն կարելի պիտի ըլլար ընդդիմադիր ղեկավարութեան հետ տեսակցիլ Դամասկոսի մէջ…

Այսօր, գրեթէ չորս տարի ետք եւ յատկապէս քանի մը օր առաջ, թրքական օդուժին կատարած միջամտութիւններէն ետք յստակ է, որ թէ իրադարձութիւնները Էրտողանի ենթադրութեամբ չեն ընթացած, եւ նոյնիսկ այդ տարածաշրջանէն ներս աւելցած են Անգարայի թշնամիներուն թիւը:

… Եւ ընդհակառակը, մնալով հանդերձ ոխերիմ թշնամի` նախագահ Ասատի ղեկավարութեան, Թուրքիա սկսած է նոյնքան թշնամութիւն ցուցաբերել թէ՛ Իսլամական պետութեան եւ թէ՛ քիւրտ անջատողական ուժերուն դէմ:

Հոս հաւանաբար տեղին է հարցադրել, թէ ինչպէ՞ս նմանօրինակ լաբիւրինթոսային կացութիւն մը ստեղծուած է երկրի մը կողմէ, որ դեռ քանի մը տարի առաջ իր «Ֆլոթիլա»-ի արարքով շրջանէն ներս փորձած էր «ղեկավարութիւն» խաղալ:

Անկասկած որ խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն, նախագահ Էրտողանի եւ իր կուսակցութեան կրած պարտութիւնները, առաւել` հարաւարեւելեան Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններէն ներս Իսլամական պետութեան եւ քիւրտերու միջեւ բախումները անել կացութիւն մը ստեղծած էին: Իսկ լեցուն տակառը յորդեցնող կաթիլը հազիւ տասնեակ մը օրեր առաջ Սուրուճի պայթումն էր, որ խլեց 32 զոհ, բոլորն ալ` քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիրներ…

Այսպէս, տարիներ շարունակ անուղղակիօրէն Սուրիոյ այլախոհներուն (ներառեալ` Իսլամական պետութեան զինեալներուն) օժանդակած, նոյնիսկ դժուարացուցած` Արաբ Բունարի վերագրաւումը քիւրտերու կողմէ, Արեւմտեան ուժերու օժանդակութեամբ, այսօր Թուրքիա փոփոխութեան ենթարկած է իր արտաքին քաղաքականութիւնը:

Թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ այս նոր քաղաքականութեան արդիւնքը:

Յստակ է, որ Էրտողան այս միջոցառման դիմեց, որովհետեւ.

– Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կորսնցուցած էր հող եւ դեռ ալ պիտի կորսնցնէ:

– Քրտական խմբաւորումները, յատկապէս հարաւ-արեւելեան շրջանէն ներս սկսած են իշխանութեան մէջ իշխանութիւն ստեղծել եւ շարունակ զօրանալ:

– Իսլամական պետութեան դէմ չպայքարելով եւ ընդհակառակը, անուղղակիօրէն դիւրացնելով անոր յառաջխաղացքը, սկսած էր Արեւմուտքի համար նկատուիլ անվստահելի պետութիւն:

Իսկ այս հարցադրումներու կողքին, նաեւ տեղին է նշել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Արեւմուտքին եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը, ուր վերջերս բարձրաստիճան քաղաքագէտ մը զարմանք յայտնած էր, թէ մինչեւ հիւսիսային Իրաք մեկնելով եւ արեւմտեան ուժերու դաշնակից` քրտական կեդրոններ ռմբակոծելով, Թուրքիա ինքզինք վտանգաւոր կացութեան մէջ կը դնէր:

Մէկ բան յստակ է թէ, Էրտողան եւ իր մեքենան գործի լծուած են, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում նաւը չընկղմի…

Նախորդը

Աչքը Կապելով Կամ` Վախցնելով

Յաջորդը

Տեղի Ունեցաւ «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Փակման Արարողութիւնը

RelatedPosts

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

Յուլիս 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

Յուլիս 6, 2019
Դաշնակցական   Մամուլը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) (1884-1920)

Յուլիս 6, 2019

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?