Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւան Նշանեան Ինչո՞ւ Բանտարկուած Է

Օգոստոս 4, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

sevan_8-04-15«Պիրկիւն» լրատուական կայքէջի վրայ Ֆերիտուն Նատիրի ստորագրութեամբ հրատարակուած է յօդուած մը, որուն մէջ յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, թէ Սեւան Նշանեան երկար ժամանակէ ի վեր բանտը կը գտնուի պարզապէս անոր համար, որ 60 մեթր քառակուսի հրաշալի շէնք մը կառուցած է Մաթեմաթիկ գիւղի Փիլիսոփայութիւն թաղամասի մէջ: Որքան ալ անհաւատալի ըլլայ, Նշանեանի բանտարկութեան պատճառը այս է, մինչ Թուրքիոյ մէջ անհաշիւ շէնքեր կը շարունակեն մնալ, հակառակ որ ապօրէն կերպով կառուցուած են: Իսկ Նշանեան ոչ միայն իր գիւղը կոչեր է Մաթեմաթիկ գիւղ կամ իր թաղամասն ալ կոչեր Փիլիսոփայութիւն թաղամաս, այլ նաեւ հոն շիներ է շատ գեղեցիկ փոքրիկ շէնք մը:

Ամէն մարդ գիտէ սակայն, որ Նշանեան իրականութեան մէջ այդ փոքրիկ շէնքին շինութեան համար չէ, որ բանտարկուած է: Իշխանութիւնները այդ շէնքը իբրեւ պատրուակ գործածեցին, որպէսզի լռեցնեն Նշանեանը: Նոյնը կ՛ըսէ յօդուածագիրը, որ կը գրէ այսպէս.

«Մարդու մը արժէքը ինչպէ՞ս կը չափուի: Անշուշտ ամէն մարդ արժէքաւոր է, բայց մարդոց բուն արժէքը կը չափուի այս աշխարհի մէջ անոնց ձգածներէն: Եթէ Սեւան Նշանեանը բանտարկողները գոյութիւն չունենային, աշխարհ ի՞նչ կը կորսնցնէր, չեմ գիտեր, ասիկա իրենց պէտք է հարցնել, բայց եթէ Սեւան Նշանեանը չըլլար, գոյութիւն պիտի չունենային հարիւրաւոր գիրքեր ու թարգմանութիւններ, գոյութիւն պիտի չունենար Շիրինճէ գիւղը, գոյութիւն պիտի չունենար Մաթեմաթիկ գիւղը, կամ թէ այդ գիւղը այսօրուան պէս պիտի չըլլար, գոյութիւն պիտի չունենային Նշանեանի կողմէ Թուրքիա բերուած «Քոմոտոր» համակարգիչները, Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած պիտի չըլլար համակարգիչի առաջին պարբերաթերթը, մանաւանդ գոյութիւն պիտի չունենար թուրք լեզուագիտութեան այն հրաշալի ուսումնասիրութիւնը, զոր կատարած է Նշանեան: Նշանեան այս բոլորին մասին պատմած է իր ինքնակենսագրական գիրքին մէջ ու անկարելի չէ չսարսափիլ անոր ցուցաբերած քաջութեան դիմաց:

Յօդուածագիրը օրինակներ կը նշէ Նշանեանի բառագիտութեան գիրքէն ու դիտել կու տայ, որ ան բացած է թուրք լեզուագիտութեան նոր մէկ ուղին: Այնուհետեւ կը յիշեցնէ, թէ Նշանեան ինչեր ըսած էր, երբ բանտ կը մտնէր:

«Թուրքիա դժբախտաբար կը կառավարուի այնպիսի մարդոց կողմէ, որոնք չունին հորիզոն, տեսիլք, որոնք չափ չունին ու գաճաճներ են: Մեղք է այս երկրին: Բոլորս ալ արժանի ենք աւելի լաւին: Կը յուսանք, որ օրին մէկը տեսիլք ունեցող, լաւը գէշէն զատորոշել գիտցող մարդոց կողմէ  կառավարուի այս երկիրը: Եթէ իրենց ուզածին պէս չես խաղար, քեզ կը պատժեն: Զիս ալ բանտարկելու այսպիսի միջոց մը գտան: Իմ ըսածներուս ու ըրածներուս համար ինծի դէմ հարիւրաւոր դատեր բացուած են: Քաղաքական իշխանութիւնները եթէ ուզեն, կրնան սրբագրել այս անիմաստութիւնը: Այնքան շատ դատ կայ ինծի դէմ, որ չեմ գիտեր, թէ ասոնց հաշիւը ինչպէ՞ս պիտի բռնուի: Մաթեմաթիկի մասնագէտ մը անգամ այս հաշիւին մէջէն չի կրնար ելլել: Բայց գիտեմ, որ բաւական երկար ժամանակ պիտի մնամ ներսը»:

 

Նախորդը

Յուշատետրը

Յաջորդը

Ողջո՜յն Սուրիահայ Քաջերուն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?