
Վենետիկի յանձնաժողովը, որ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդատուական մարմին է եւ կազմուած է սահմանադրական իրաւունքի անկախ մասնագէտներէ, հրապարակեց իր գնահատականը Հայաստանի մէջ նոր սահմանադրութեան փոփոխութիւններու 1-7 գլուխներուն վերաբերեալ:
Մասնագէտները իրենց եզրակացութեան մէջ կ՛ողջունեն սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովի աշխատանքը` նշելով, որ «Վենետիկի յանձնաժողովին հետ բաց երկխօսութեան» շնորհիւ կարեւոր փոփոխութիւններ կատարուած են բարեփոխումներու բովանդակութեան մէջ:
Միաժամանակ, Վենետիկի յանձնաժողովի մասնագէտները կ՛առաջարկեն փոխել որոշ դրոյթներ: Մասնաւորապէս, պէտք է հանուին քուէարկելու եւ Ազգային ժողովի թեկնածու ըլլալու սահմանափակումները:
Բացի ատկէ, մասնագէտները կ՛առաջարկեն հանել առաւել մեծ թիւով քուէներ ստացած կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու միջեւ ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանի մասին դրոյթը:
Մասնագէտները կը նշեն, որ անհրաժեշտ է հանել նաեւ խորհրդարանին մէջ նոր խմբակցութիւններու ձեւաւորման արգելքի մասին դրոյթը, որովհետեւ ատիկա կը սահմանափակէ պատգամաւորներու լիազօրութեան ազատութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի դատական իշխանութեան, քաղաքական մարմինները ոչ մէկ ձեւով պէտք է միջամտեն վճռաբեկ ատեաններուն մէջ դատաւորներու հեռացման եւ նոր դատաւորներու եւ ատեաններու նախագահներու նշանակման ընթացակարգին:
Ամփոփելով, Վենետիկի յանձնաժողովը կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանի իշխանութիւններուն շարունակելու երկխօսութիւնը բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ եւ լայն աջակցութիւն ապահովելու բարեփոխումներուն համար:
«Վենետիկի յանձնաժողովը ուրախ է շարունակելու համագործակցութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ այդ կարեւոր բարեփոխումներու հարցին մէջ», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Նշենք, որ սահմանադրութեան նախագիծի 89/4 յօդուածին մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի. «Եթէ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու առաջին հանգրուանի արդիւնքին մէջ կայուն խորհրդարանական մեծամասնութիւն չի ձեւաւորուիր, ապա տեղի կ՛ունենայ քուէարկութեան երկրորդ հանգրուան, որուն կը մասնակցին առաւելագոյն քուէներ ստացած երկու կուսակցութիւնները կամ կուսակցութիւններու դաշինքները»:
 
			

