
Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ խորհուրդի անդամ 9 երկիրներուն կոչ ուղղած է ստորագրելու եւ վաւերացնելու «Պոլսոյ հռչակագիր»-ը, որ կ՛ամրապնդէ Եւրոպայի մէջ կիներու անվտանգութիւնը:
Կիներուն նկատմամբ բռնութիւնը կանխարգիլելու, ինչպէս նաեւ ընտանեկան բռնութեան դէմ պայքարելու մասին Եւրոպական խորհուրդի հռչակագիրը, որ աւելի ծանօթ է իբրեւ «Պոլսոյ հռչակագիր», ուժի մէջ մտած է 1 օգոստոսի 2014-ին:
Հռչակագիրը հիմնարկէքային է, որովհետեւ կը դատապարտէ կիներուն նկատմամբ կիրարկուող որեւէ բնոյթի բռնութիւն` սեռական բռնութենէն մինչեւ ֆիզիքական եւ հոգեբանական: «Պոլսոյ հռչակագիր»-ով պետութիւնները կը պարտաւորուին ոչ միայն պատասխանատուութեան ենթարկել բռնութիւն գործադրողները, այլ նաեւ պաշտպանել բռնութեան զոհերը եւ աջակցիլ անոնց:
«Պիտի փափաքէի առիթէն օգտուիլ եւ գովաբանել 18 անդամ երկիրները, որոնք այս համաձայնագիրը ներառած են իրենց ներպետական օրէնքներուն մէջ, եւ այն քսան պետութիւնները, որոնք ստորագրած են զայն: Միայն 9 անդամ երկիրներ տակաւին չեն ստորագրած համաձայնագիրը: Այդ երկիրներն են Հայաստանը, Ազրպէյճանը, Պուլկարիան, Չեխիան, Իրլանտան, Լաթվիան, Լիխթընշթայնը, Մոլտովան եւ Ռուսիան: Անոնց կոչ կ՛ուղղեմ չյետաձգելու համաձայնագիրին նախաստորագրումը», կ՛ըսուի Եւրոպական խորհուրդի կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
 
			

