Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիւղագնացութիւն

Յուլիս 31, 2015
| Անդրադարձ
2
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Շթորա
Շթորա

Ամէն ամառ, դպրոցական արձակուրդները հազիւ սկսած, Զաքարին կանաչ փոստան կանգ կ’առնէր Էշրեֆիէի մեր տան առջեւ: Այդ օր շատ կանուխ կ’արթննայինք: Հայրս կը պատրաստէր անկողիններուն ու վերմակներուն տենկերը, իսկ մայրս կարգի կը դնէր մեզի հետ Շթորա օդափոխութեան տանելիք խոհանոցի առարկաները: Ամէն ինչ տեղաւորուած է փոստային տանիքը, եւ պատրաստ ենք ճամբայ ելլելու: Դրացիները հաւաքուած են մեր տան բակը` «երթաք բարով»-ի: Պարոն Զաքար, քանի մը անգամ փոստային ճչակով մեզի կը յիշեցնէ, որ աճապարենք, երկար ճամբայ ունինք կտրելիք:

Դրացիներուն հետ ողջագուրուիլը հազիւ աւարտած` արդէն տեղաւորուած ենք փոստային մէջ: Շարժավարը «Եա Յիսուս» ըսելով` կը  խաչակնքէ ու ճամբայ կ’ելլենք: Մայրս` «Հայր Մեր» ըսելու չմոռնաք, սակայն ես` գլուխս պատուհանէն դուրս, դրացի ընկերներուս չաթալի պատուէրները կը ստանամ: Շթորայի մայրիներուն չաթալը շատ յարգի է: Անցեալ տարուան ունեցածս մայրս երկուքի բաժնած էր` որպէս պատիժ, երբ մողէսի մը նշան առած` սակայն դրացիին ապակիները ջարդած էի: Անհամբեր էի տեղ հասնելու, որպէսզի նախ իմ չաթալս ապահովեմ, վերջը` ընկերներուս:

Ալէյ, Պհամտուն, Սոֆար: Օձապտոյտ ճամբաներէն անցած ժամանակ քանի մը անգամ կանգ կ’առնենք: Շարժավարը կը  ստուգէ փոստային «առողջական վիճակը»: Չէ՛, ամէն ինչ կարգին է, մոթորը չէ տաքցած. կրնանք շարունակել մեր ճամբան: Հասած ենք այն վայրը, ուրկէ կ’երեւին Պեքաայի տափարակ դաշտերը. անկէ ետք ճանապարհը աւելի հեշտ է, եւ մոթորին տաքնալու վտանգը` անցած:

Փոստան կանգ կ’առնէ Քիլիմճի Պեսերեկի տան առջեւ: Պեսերեկեանները  բնիկ շթորացի են. արհեստով` հայրով ու քանի մը եղբայրներով կարպետ կը հիւսեն:  Ունին նաեւ քանի մը այգի եւ քանի մը սենեակներէ բաղկացած միայարկանի տուն մը, որուն սենեակները ամառները վարձու կու տան տարբեր հայ ընտանիքներու. մէկական սենեակ, իսկ խոհանոցն ու բաղնիքը պէտք է միասնաբար գործածեն բոլորը:

Գիւղագնացներն ու տեղացիները բոլոր հայեր են, եւ այդ իսկ պատճառով երկար ժամանակ տրուած է «Հայկական Շթորա» անունը:

Մեր տան ճիշդ դէմը կը բնակէին Գազանճեանները, որոնք հաւանաբար ինքնաբաւ ընտանիք մը ըլլալու էին եւ ամրան 3 ամիսները կ’անցընէին իրենց անձնական 2 յարկանի բաւական մեծ պարտէզով տան մէջ, որուն ծայրը կը գտնուէր Շթորայի նշանաւոր աղբիւրը, ուրկէ «մատի հաստութեամբ» ջուր կը հոսէր, բայց եւ այնպէս աղբիւր մըն էր, որմէ կ’օգտուէր ամբողջ գիւղը:

Տակաւին փոքր էինք քոյրս` Արսինէն եւ ես, սակայն մեծ քոյրս ու եղբայրս` Ալիսն ու Անդրանիկը, արդէն չափահաս էին եւ  հայկական շրջանակ մը կազմած: Իրիկունները խմբովին «սերենատ»-ի կ’ելլէին` անցնելով հողէ ճամբէ մը, որուն երկու կողմերը այգիներ էին: Խումբին մէջ կար նաեւ ձեռնադաշնակ նուագող մը, եւ լուսնի լոյսին տակ քալած ժամանակ  խմբովին կ’երգէին` «Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագին»: Մենք` փոքրերս, կը հետեւէինք անոնց` մենք ալ մեր կարգին ցած ձայնով ընկերանալով անոնց «համերգ»-ին:

Հայրս միայն շաբաթ օրերը կու գար Զաքարին փոստայով ու կը վերադառնար երկուշաբթի առաւօտուն. սակայն եղբօրս գալը բնաւ յայտնի չէր:

Շաբթուան որեւէ մէկ օր, որեւէ ժամ յանկարծ կարմիր «Սքոտա» ինքնաշարժ մը կանգ կ’առնէր մեր տան առջեւ: Եղբայրս էր, որ իր վարպետին ինքնաշարժով կը ժամանէր: Շաբաթ օրերը պայման էր, որ մեծ սեղան մը շտկուէր մեր փոքր տան մէջ, ու եղբօրս ընկերներով սարքուած կերուխումը կը տեւէր մինչեւ ուշ ժամերը:

Նիկոլ Աղբալեանի մահէն ետք իր բնակարանը տրամադրուած էր ՀՕՄ-ին եւ անիկա ձմրան կը գործածուէր որպէս հայկական վարժարան, իսկ ամրան` «Կազդուրման կայան»: Ամէն ամառ քանի մը շաբթուան համար տարբեր խումբերով, նիւթապէս անբաւարար հայերու զաւակներ կը տարուէին Շթորա` «Կազդուրման կայան»-ին մէջ կազդուրուելու: Երկար տարիներ այդ հիանալի հաստատութեան պատասխանատուն էր  ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներէն Արաքսի Արծրունի, որ քանի մը օգնականներով իսկական մօր մը դերը կը կատարէին հոն գտնուող մանուկներուն: Չեմ յիշեր` ինչպէ՞ս կը կանչէին զինք: «Մայրի՞կ», թէ՞ «Տիկին»: Շատ հաւանաբար «Տիկին», քանի «Մայրիկ» տիտղոսը ընդհանրապէս վերապահուած էր դպրոցներու մէջ աշխատող  տնտեսներու` «տնտես մայրիկ»:  «Կազդուրման կայան» գտնուող աշակերտներէն մէկուն մայրը, շատ հաւանաբար անուս  կին մը, անգամ մը տիկին Արծրունիին հետ խօսած ատեն անոր դիմած է տիկին Կաստուր Մանկայեան ըսելով: Այդ դէպքէն ետք երկար տարիներ իր մտերիմ շրջանակին մէջ տիկին Արծրունիին կեղծանունը մնացած էր «Տիկին Մանկայեան»:

Կազդուրման կայանի մանուկները
Կազդուրման կայանի մանուկները

Տիկին Արծրունիին եւ իր զաւկին` Արա Արծրունիի հետ ընտանեկան մօտ բարեկամներ էինք, յաճախ կը տեսնուէինք, իսկ ես ժամանակիս մէկ մասը կ’անցընէի «Կազդուրման կայան»-ի տղոց հետ: Նոր ընկերներ գտած էի, սակայն հազիւ իրենց շրջանը աւարտած, երբ վերադառնային տուն, անգամ մըն ալ իրարու չէինք հանդիպեր, եւ յաջորդ խումբի ժամանումով կը մտերմանայի նոր եկող տղոց հետ:

Շթորա օդափոխութեան ելած տարիներուս տարիքով բաւական փոքր էի, սակայն աղօտ կերպով կը յիշեմ: Այդ ամառ աննման ֆետայի Դրոյին ընտանիքը Շթորա կը գտնուէր եւ իր տղան, իրեն տարեկից պատանի տղու մը հետ վիճաբանութիւն կամ կռիւ մը ունեցած էր, եւ իրեն հետ վիճաբանող պատանին, ջղայնացած, «Քու հայրդ (Դրոն), իմ Աստուածս է, սակայն դուն…» վիրաւորական բառով մը անարգած էր մեծ հերոսին տղան:

Դրոյին տեսնելու բախտը բնաւ չունեցանք. շատ հաւանաբար միայն իր ընտանիքը ղրկած էր Շթորա. տեղեակ չեմ, թէ ինք Լիբանա՞ն էր այդ շրջանին:

Շթորայի մէջ էր նաեւ, որ ընտանիքս ծանօթացաւ հայուհիի մը, որ Միացեալ Նահանգներէն Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը ղրկուած էր հայերէն սորվելու, որպէսզի  վերադարձին ամերիկահայութեան, մանաւանդ ՀՕՄ-ին  օգտակար հանդիսանայ: Այդ անձնաւորութիւնը մինչեւ այսօր Լոս Անճելըսի մէջ կը ծառայէ ՀՕՄ-ին եւ մեր ընտանիքին լաւագոյն բարեկամուհին դարձած է:

Ամրան արձակուրդը հասած է իր աւարտին: Զաքարին կանաչ փոստան կանգ կ’առնէ «Պեսերեկ»-ներու տան առջեւ: Այդ օր շատ կանուխ արթնցած ենք: Հայրս պատրաստած է անկողիններուն ու վերմակներուն տենկերը, իսկ մայրս կարգի դրած` հետերնիս Պէյրութ վերադարձնելիք առարկաները: Իմ եւ դրացի ընկերներուս համար պատրաստած չաթալները, տոպրակի մը մէջ դրած` ձեռքէս վար չեմ առներ. հապա՞ եթէ հոն մոռնամ. տարի՞ մըն ալ պիտի սպասեմ:

5432045910_f71f11e095_o

Շարժավարը «Եա Յիսուս» ըսելով` կը խաչակնքէ ու ճամբայ կ’ելլենք դէպի Պէյրութ:

Չեմ յիշեր` քանի՞ տարի օդափոխութեան ելանք Շթորա. չեմ ալ գիտեր, թէ ի՛նչ պատճառով ծնողքս որոշեցին փոխել մեր օդափոխութեան վայրը, սակայն մէկ բան յստակ է: Շթորայի չոր օդը մօրս համար փրկարար ազդեցութիւն գործեց: Երկար տարիներու ազմայի հիւանդութենէն կատարելապէս առողջացած էր:

Մրուժ
Մրուժ

50-ական տարիներուն կարծես անգիր օրէնք դարձած էր. օդափոխութիւն` կը նշանակէր Շթորա, սակայն կամաց-կամաց պէյրութահայերը, կարծես իրարու հետեւելով, սկսան Լեռնալիբանանի գիւղերը ընտրել որպէս օդափոխութեան վայր: Պիքֆայայէն սկսած` մինչեւ Տհուր Շուէյր, Պոլոնիա, Մրուժ եւ Մթէյն ամրան 3 ամիսներուն Հայաստանի կը վերածուէին: Մենք ալ, մեր կարգին, հրաժարեցանք Շթորայի այնքան յուշերով լեցուն գիւղէն ու քանի մը ամառ անցուցինք Մթէյնի մէջ: Յատուկ յիշատակներ չունիմ այդ գիւղէն: Յաճախ հայ ընկերներով կը հաւաքուէինք հրապարակին վրայ գտնուող սրճարանը փինկ փոնկ խաղալու, պարտէզներէն քանի մը խնձոր «գողնալու» եւ` այդքան: Ամրան արձակուրդները սկսած էին ձանձրացուցիչ դառնալ: Անհամբեր կը սպասէի ձմրան, որպէսզի քաղաք իջնենք: Կարօտցած էի թաղեցի ընկերներս:

Քանի մը ամառ ալ Մրուժէն տուն մը վարձած էինք, սակայն ժամանակիս մեծ մասը կ’անցընէի Պոլոնիա, ուր կը գտնուէր դպրոցական ընկերներուս մեծ մասը: Զաքարին փոստան շատոնց հանգստեան կոչուած է. փոխարէնը քանի մը տարի Իսրայէլի` (ինքնաշարժի տիրոջ անունն է) կարմիր քամիոնը կը կենար մեր դրան առջեւ, անոր մէջ կը լեցնէինք տան գրեթէ բոլոր ապրանքները` մեզի հետ գիւղ տանելու: Շթորայի մէկ սենեակնոց տան փոխարէն` կը վարձէինք քանի մը սենեակներով հանգստաւէտ տուն մը: Քանի մը տարի ետք Իսրայէլի քամիոնը Պէյրութէն Պոլոնիա փոխադրեց մեր տան ապրանքները, սակայն այդ ապրանքները Պէյրութ չվերադարձան: Տունը վարձած էինք ամբողջ տարուան համար եւ գիւղագնացութեան համար կահ-կարասիներ գնած էինք. այնուհետեւ, ամէն ամառ պէտք չունէինք տան ապրանքները  գիւղ տանելու, ապա քաղաք վերադարձնելու:

Պոլոնիայի տուներնիս ընդարձակ էր եւ հրապարակին մօտ: Քանի մը քայլ անդին մեր ժամադրավայրը դարձած էր Էտուարին խանութը, ուր կը հաւաքուէինք պիլիար կամ պէյպի ֆութ խաղալու: Ճիշդ դէմը կը գտնուէր Թոսպաթը, որմէ հեծիկ կը վարձէինք, իսկ անոր վրայի յարկը` Ղեւոնդ Զաւզավաճեանի «Սալոն Թինա» վարսայարդարի տեղն էր: Հրապարակի վրայ կը գտնուէր «Սինեմա Պուա տը Պուլոն»-ը, ուր ամէն օր տարբեր շարժապատկերներ կը ցուցադրուէին: Պոլոնիայի հրապարակին աջին կը գտնուէր «Սամահա» պանդոկը, եւ իր պարտէզներուն մէջ յաճախ կը հանդիպէինք լիբանանահայ կարգ մը յայտնի դէմքերու, ինչպէս` բժիշկ Բաբգէն Փափազեան, Ալեքս Մնակեան եւ ուրիշներ, որոնք պլոթ խաղալով` ժամանակ կ’անցընէին:  Հրապարակի ձախին` պանդոկի ճիշդ դէմը, «Սամահա» սրճարանին մէջ, յաճախ սեղանի մը շուրջ կը տեսնէիք աննման ֆետայի Կարօ Սասունին եւ իր կողքին, դասընկերուհիս` Անի Ղարիպեանը: Կարօ Սասունի իր յուշերը կը պատմէր, իսկ Անի գրի կ’առնէր, անոնք հետագային հատորներու վերածուեցան: «Սամահա» սրճարանին մէջ նաեւ կը հանդիպէինք «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանին եւ թատերախումբի բազմաթիւ անդամներու: Տհուր Շուէյրի հրապարակէն մինչեւ Մրուժի հրապարակը` վաճառատուն, դեղարան ու փռապան, բոլորը հայեր էին: Ճաշարանատէրերը տեղացի արաբներ էին, սակայն նուագախումբերն ու երգիչները` բոլորը հայեր:

Ամրան շրջանին Տհուր Շուէյրէն մինչեւ Մրուժի հրապարակը գտնուող բոլոր ճաշարանները, առանց բացառութեան, հայ երգիչներ եւ հայկական նուագախումբեր կը նուագէին ու կ’երգէին: Սկսելով Տհուր Շուէյրի հրապարակէն` «Լը Սանթր»-ի մէջ (նախկին «Նասըր») ամէն գիշեր կ’երգէր Վարդիվառ Անթոսեանը` իր «Լոս Ամորես» նուագախումբով: «Լը Սանթր»-ին ճիշդ դէմը` «Հաուի», ամէն գիշեր կ’երգէր Ատիս Հարմանտեան` ընկերակցութեամբ Ժաք  Գոճեանի եւ իր նուագախումբին: 200 մեթր անդին` «Քասսուֆ» պանդոկի ճիշդ դէմը, փոքր սրճարանի մը մէջ կ’երգէր Արա Քեքեճեան: Երկու քայլ անդին ՀՄԸՄ-ի ճաշարան-պարտէզն էր: Ամէն շաբաթ եւ կիրակի օրերը կ’երգէր «Վարուժ Էնտ տէյզ» նուագախումբը: Քիչ մը անդին` աջին, կը գտնուէր «Լա Ֆուրմի» բացօթեայ զբօսարանը, ուր երկար տարիներ նուագեց «Ֆայվ Ֆինկըրզ» նուագախումբը: Պոլոնիա հրապարակին վրայ, «Սամահա» սրճարանին մէջ կ’երգէր Լեւոն Գաթրճեան: Զարմանալիօրէն բոլորն ալ լեցուն կ’ըլլային միշտ, եւ յաճախորդներուն ջախջախիչ տոկոսը հայեր էին: Այս սրճարան-ճաշարանները իրարու այնքան մօտ էին, որ յաճախ մէկ երգիչին ձայնը միւսին կը խառնուէր: Այդ շրջանին «Ազդակ» օրաթերթի ծաղրանկարիչ Մասիս շատ հետաքրքրական ծաղրանկար մը հրատարակած էր: Ատիս կ’ըսէ. «Ո՜վ եմ ես», իսկ դիմացէն Վարդիվառ կը պատասխանէ` «Ո՜վ ես դու»…

«Յիշատակներ… Անցած օրեր» գիրքէն. (Հատուած):

Շթորան միշտ գիւղի խորհրդանիշը եղած է ինծի համար: Պատանեկութեանս տարիներուն, Մալխասի «Զարթօնք»-ը կամ Համաստեղի «Գիւղը» կարդացած ատենս, երբ հայկական գիւղի մը նկարագրութիւնը ըլլար,  Շթորայի փոշոտ փողոցները, միայարկանի տուները, այգիներն ու ցորենի դաշտերը կը պատկերանային աչքերուս առջեւ:

Պոլոնիան, յիշատակներով լեցուն վայր մը ըլլալով հանդերձ, գիւղէ աւելի, քաղաքի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր` իր խճողուած փողոցներով, շքեղ վաճառատուներով, պանդոկներով, սրճարաններով ու շարժապատկերի սրահով: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը այդ շէն գիւղերը ամայացուց: Ո՞ւր են այդ խճողուած փողոցները, ուր ամէն քայլափոխի հայերէն կը լսէինք: Ի՞նչ եղան այդ պանդոկները, «Հաուի» ու «Սամահա» սրճարանները, ուր երկար տարիներ հայ երգը կը թնդար: «Լա Ֆուրմ»-ի բացօթեայ զբօսարանը, ուր շաբաթավերջերուն «ասեղ ձգէիր` գետին չէր իյնար», ամբողջութեամբ քանդուած է: Ամէն տարի, ձմեռնամուտին, երբ գիւղագնացները վերադառնային իրենց տուները, գիւղը կ՛ամայանար` յաջորդ ամառ դարձեալ վերակենդանալու պայմանով: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը գիւղագնացութեան ալ վերջակէտը դրաւ:

Հայերուն օդափոխութեան վայրերը, ընդհանրապէս Լեռնալիբանանի գիւղերն էին: Քանի մը մեծահարուստ հայեր միայն վիլլաներ ունէին Ալէյի շրջաններուն մէջ: Այդ շրջանի գիւղերը ամրան Արաբական ծոցի երկիրներէն, Սէուտական Արաբիայէն ու Քուէյթէն հազարաւոր գիւղագնացներ կու գային 3 ամիսները Լիբանանի գեղատեսիլ գիւղերուն մէջ անցընելու եւ ձմեռնամուտին կը վերադառնային իրենց քաղաքները:

Հալէպահայեր ալ կային գիւղագնացներուն մէջ: Այսօր դարձեալ մեծ թիւով հալէպահայեր կը գտնուին Լիբանան, սակայն դժբախտաբար` ոչ իբրեւ գիւղագնաց, այլ` որպէս գաղթական, Սուրիոյ, մանաւանդ Հալէպի, բոլորիս ծանօթ դաժան օրերուն պատճառով:

Հալէպահայերուն համար օդափոխութեան գիւղագնացութիւնը գաղթականութեան վերածուած է:

Հայը ե՞րբ պիտի դադրի գաղթական ըլլալէ:

Լոս Անճելըս, 2015

 

Նախորդը

Ամմօ Արտոյին Կոլերը

Յաջորդը

«Հայոց Ցեղասպանութիւն» Ասութիւնը Միշտ Կը Մնայ Արգիլուած Բառ. Գարապուրունի Քաղաքապետութիւնը Դիրք Գրաւեց «Ցեղասպանութիւն» Բառին Դէմ

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Comments 2

  1. Hampig Djabourian says:
    10 years ago

    Boghos Chahmelikian I Aztag Oratertin kroutioune re michd ge gartam isgabes mer nahantch darinerou antzoutzadz anmoranali orer e yev hichadagner e ge hichetzene.
    Vardzgd gadar Boghos Jan.

    Harkankov
    Hampig

    Reply
    • Ղազարոս Գալընեան says:
      10 years ago

      Վարցքըտ կատար Պողոս, հին յուշեր որ բորորըս ալ ապած ենք։
      Ցաւու այս տարի ականատես եղայ Պոլոնիա Մրուժ այդ Քեղատեսիլ
      ամարանոցը ամայացած տեսայ ալ չի կային Հայ գիւղաքնացներ
      նոյն իսկ իրենց սեփական վիլլաները դատարկ էին։

      Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?