Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փտածութեան Դէմ Պայքարելու Նպատակով Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան Հետ Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրուի

Յուլիս 29, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-28-15_Hovig

Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ փտածութեան դԷմ պայքարի յանձնախումբի առաջին նիստը: Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդը կը գլխաւորէ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, խորհուրդի անդամներն են` ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեան, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան, ընդհանուր  դատախազ Գէորգ Կոստանեան, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, բարոյագիտութեան յանձնախումբի նախագահը, խորհրդարանական ընդդիմադիր խմբակցութիւններէն մէկական ներկայացուցիչ, Հանրային խորհուրդի նախագահը, Հայաստանի համայնքներու միութեան ներկայացուցիչ մը եւ  քաղաքացիական հասարակութեան երկու ներկայացուցիչ:

Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդի առաջին նիստին կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան ըսաւ, որ Հայաստանի կառավարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան միջեւ պիտի ստորագրուի համաձայնագիր: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու Հայաստանին` կեանքի կոչելու փտածութեան դէմ պայքարի ռազմավարութիւնը:

«Արդիւնաւէտութիւնը կախեալ է այն տարրերէն, որոնք պիտի ներգրաւուին խորհուրդին մէջ: Այս պահուն մենք ունինք 4 մարտավարական մարզեր` կրթութիւն, առողջապահութիւն, ոստիկանութիւն եւ  պետական եկամուտներ: Այս 4 մարզերուն մէջն  է, որ մեր աշխատանքները պիտի  իրականացուին, եւ գործունէութեան արդիւնաւէտութեան համար շատ կարեւոր է լաւ տարրերու ընտրութիւնը», ըսաւ նախարարը:

Ան նշեց, որ կարեւոր է հրաւիրել այնպիսի մասնագէտներ, որոնք ունին փորձառութիւն  փտածութեան դէմ պայքարի գործին մէջ եւ  որոնք կրնան ստեղծել մասնագէտներու դպրոց: Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութիւնը համաձայնած է տարուան մը դրամական յատկացում  տրամադրել մասնագէտներուն:

Դաւիթ Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան հետ համաձայնագիրի կնքումը կը նախատեսէ 750 հազար տոլարի մասնակցութիւն ծրագիրի իրականացման, իսկ Հայաստանի  կառավարութեան դրամական մասնակցութիւնը այս ծրագիրին պիտի կազմէ 25 առ հարիւր:

Նիստի աւարտին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան անդրադարձաւ քաղաքացիական հասարակութեան` կոչ ուղղելով բոլորին` միացնելու ուժերը եւ միասնաբար յաղթահարելու խնդիրները:

«Հայաստանի  աշխարհագրական դիրքը, երկրին  ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները հաշուի առնելով, միակ լուծումը ուժերու համատեղումն է: Գոնէ մեր կառավարութիւնը իւրաքանչիւր ողջմիտ առաջարկի ականջալուր եղած է, պատրաստակամութիւն յայտնած է քննարկելու իւրաքանչիւր հարց, որ կը մտահոգէ  մեր հասարակութիւնը, բայց նստացոյց ընելը, փողոցներ փակելը, իմ կարծիքովս,  ոչ ոքի  շահերէն կը բխի: Ասիկա այն պարագային  կարելի է արդարացուած նկատել, երբ չլսենք զիրենք, բայց, Սերժ Սարգսեանէն սկսեալ, ոչ ոք  եղած է, որ պատրաստակամութիւն չէ յայտնած  իրենց հետ հանդիպելու եւ քննարկելու հարցը: Մենք բոլորս պէտք է քննարկենք եւ ճիշդ որոշումներ տանք: Միշտ չէ, որ առաջարկուող լուծումները ճիշդ են, բայց երբ կը հանդիպինք, կը բացատրենք եւ կը ներկայացնենք ուղիները, այն ժամանակ մարդիկ կը հասկնան: Կարծես թէ այդ հանդիպման պակասը կայ», ըսաւ ան:

Յովիկ Աբրահամեանի կարծիքով` ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն մօտ այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծուած է, որ եթէ իրենք իշխանութեան հետ կը գործակցին, կը վարկաբեկուին, ատիկա իրենց դիմագիծին վրայ  բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ:

«Ելեկտրական հոսանքին կապուած առաջարկ եղաւ, ըսինք` քննարկենք: Թող հաշուեքննութիւն ըլլայ, եթէ գտնեն խախտումներ, թող պատժուին: Մենք պատրաստ ենք նստելու եւ խօսելու, ատիկա է միակ ճիշդ  ուղին երկիրը յառաջ տանելու համար, թէ ոչ միւս բոլոր ուղիները իրենց բացասական ազդեցութիւնը պիտի ունենան երկրի յառաջընթացին վրայ: Փողոցին մէջ կ՛երթան, կը նստին, կը խօսին, հանրային պարտէզներուն մէջ կը  նստին, կը խօսին, փողոց կը փակեն, բայց ինչո՞ւ: Ատիկա ի՞նչ պիտի տայ, եթէ ձեր նպատակը երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներու  լուծումն է: Կը ներէք, բայց ինծի համար այդ մեթոտը եւ ճամբան անընդունելի են», ըսաւ Յովիկ Աբրահամեան:

 

 

Նախորդը

«Ոտքի՛, Հայաստան» Նախաձեռնութիւնը Մեղադրեց Ոստիկանութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?