Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ռազմագերիներու Հարցերով Յանձնախումբերու Նիստը

July 22, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ca52888098

Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետացածներու հարցերով զբաղող յանձնախումբերու միացեալ նախորդ նիստը տեղի ունեցած էր Երեւանի մէջ: Ստեփանակերտի մէջ երէկ տեղի ունեցած նիստին կատարուած քննարկումը նախորդին տրամաբանական շարունակութիւնն էր: Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը ներկայացուց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետացածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնախումբի նախագահ Վիքթոր Քոչարեան:

1993 թուականին Արցախի մէջ սկսան գործադրուիլ 1949 թուականի Ժընեւեան հռչակագիրները եւ անոնց լրացուցիչ արձանագրութիւնները: Նոյն թուականին ալ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետացածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնախումբը, որ 1993-ի օգոստոսին նոյնիսկ Ազրպէյճանի համանուն կառոյցին հետ յուշագիր ստորագրած է: Սակայն ինչպէս 1993-ին եւ հետագայ տարիներուն, այնպէս ալ այսօր, մարդասիրական այդ աշխատանքներուն իրականացումը կը խոչընդոտէ Պաքուի ապակառուցողական մօտեցումը: Պետական յանձնախումբի տուեալներով, այսօր Արցախի մէջ անհետացածի կարգավիճակ ունի 600 անձ, Ազրպէյճանի մէջ անոնց թիւը ուռճացուցած են եւ հասցուցած քանի մը հազարի:

Վիքթոր Քոչարեան Թոմաս Հալիէի ուշադրութեան յանձնեց այդ անհամամասնութիւնը եւ զգուշացուց, որ Պաքուն անհետացածներու ցուցակներուն մէջ կը  ներառէ սեփական արկածախնդրութեան արդիւնքով կրած իր զոհերը եւ այսօր շատ պատճառներ ունի խոչընդոտելու անհետացածներու որոնման աշխատանքները: Իսկ այն, որ Արցախի մէջ ռազմագերիներ չկան, հաստատած են նաեւ բազմաթիւ միջազգային դէտեր, կը յիշեցնէ Վիքթոր Քոչարեան: Այսօր աւելի մեծ ուշադրութիւն կը յատկացուի Արցախի մէջ պատերազմի տարիներուն զոհերու  թաղման վայրերու որոնման աշխատանքներուն: Կ՛ակնկալուի, որ մօտիկ ապագային, նաեւ միջազգային ճնշման արդիւնքով, Պաքուն եւս ստիպուած պիտի ըլլայ այս մարզին մէջ կատարելու որոշ քայլեր, որ ընդհանուր հոլովոյթին մէջ տեղաշարժ պիտի ապահովէ: Նախ եւ առաջ Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդէն ալ կ՛ակնկալեն, որ այս աշխատանքներուն ներգրաւուած բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւն կազմակերպուի: Հայաստանի եւ Արցախի յանձնախումբերը պատրաստակամ են չէզոք երկրի մէջ հանդիպելու Ազրպէյճանի յանձնախումբին:

 

Նախորդը

Ըստ Լիլիթ Գալստեանի. Սահմանադրական Փոփոխութեան Փաստաթուղթը Տակաւին Բիւրեղացման Երկար Ուղի Պիտի Անցնի

Յաջորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահը Կը Դատապարտէ Սուրուճի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումը

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.