
«Փանորամա» կայքը կը հաղորդէ, որ երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Վետեմոսթի» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուող տարբեր հարցերու:
«Մենք չենք փորձեր նոր հարցեր եւ նոր մօտեցումներ յայտնաբերել: Մենք կը փորձենք շարունակել բանակցութիւններ վարելը` հիմնուելով նախապէս ձեռք բերուած յաջողութիւններուն վրայ: Ատիկա կը վերաբերի շարք մը կարեւոր հարցերու, որոնց կարգին են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ եղած տարածքներու յանձնումը, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը, գաղթականներուն դրութիւնը, անոնց անվտանգութեան երաշխաւորումը: Ասոնք այն հարցերն են, որոնք քննարկման սեղանին վրայ դրուած են բանակցային հոլովոյթի ամբողջ ընթացքին», նշած է Ուորլիք: Անդրադառնալով Մինսքի խմբակի 22 տարուան դերակատարութեան` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ` ան ափսոսանք յայտնած է այն մասին, որ այս ամբողջ տարիներու ընթացքին կարելի չէ եղած ի սպառ դադրեցնել հայ-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին ընդհարումները, որոնք մտավախութիւն կը յառաջացնեն տագնապի խաղաղ լուծման հեռանկարին առնչութեամբ:
Այսուհանդերձ, Ուորլիք դիտել տուած է, որ ինք լաւատես է, եւ Մոսկուան ու Ուաշինկթընը կը հաւատան տագնապին լուծման բանակցային տարբերակին, եւ այդ է պատճառը, որ անոնք կը շարունակեն աշխատանքները Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ:
«2015 թուականը շատ վտանգաւոր տարի էր, քանի որ զինադադարի խախտման դէպքերուն պատճառով մեծ թիւով զինուորականներ ու քաղաքացիներ զոհուեցան երկու կողմէն ալ: Մասնաւորապէս այս տարուան յունուար ամիսը դարձաւ ամէնէն վտանգաւորը տագնապի խաղաղ լուծման վերջին 20 տարիներուն ընթացքին` զոհերուն թիւը նկատի ունենալով: Այնպէս, որ կան բոլոր հիմքերը մտավախութիւն ունենալու այն գծով, որ այս տագնապը կրնայ ընդարձակուիլ: Ուստի որեւէ բախում կրնայ պատճառ դառնալ տագնապի սրման:
Տագնապին վատ կողմը այն է, որ անիկա արիւնալի է, որեւէ պահու ենթակայ է վերածուելու զինուորական բախման, իսկ դրական կողմը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա պատրաստ են բոլոր կարելի միջոցները գտնելու տագնապին խաղաղ լուծման համար, համագործակցելու բոլոր կողմերուն հետ եւ մնայուն կերպով կոչ կ՛ուղղեն պահպանելու զինադադարը:
«Մենք կը հասկնանք, որ սեփական անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութենէն մեկնած` թէ՛ Ազրպէյճանը եւ թէ՛ Հայաստանը կրնան սպառազինութիւն ձեռք բերել, սակայն մեր մտավախութիւնը այն է, որ ատիկա պատճառ դառնայ զօրքերու շփման գիծին զինուորականացման:
«Ընդ որում` խօսքը կը վերաբերի նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին: Այս պարագային խնդիրը ո՛չ միայն սպառազինութիւններու քանակն է, այլ նաեւ անոնց արդիականացումը: Ինչպէս ըսած եմ, գոյութիւն ունի հաշիւներու սխալ դուրս գալու վտանգ, կացութիւն մը, որով մենք կը զբաղինք: «Եթէ նախապէս զինադադարի դրութիւնը կը խախտէր արձակազէններուն հրացաններուն միջոցով, այժմ մենք գիտենք, որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ աւելի մեծ տրամաչափի զէնքերով, ինչ որ մտահոգիչ է: Մենք չենք փափաքիր, որ կողմերէն որեւէ մէկը ուժերու յարաբերակցութեան հարցին մէջ առաւելութեան հիման վրայ դիմէ զինուորական գործողութիւններու: Այդ իսկ պատճառով մենք կը կարծենք, թէ Հայաստան պէտք է մասնակցի լուծման հոլովոյթին, որպէսզի զինուորական վտանգաւոր իրադրութեան աւելի մեծ հատուածը ըլլայ կառավարելի», նշած է Ուորլիք:
Խօսելով ազատագրուած շրջաններու կարգավիճակին շուրջ պաշտօնական Ուաշինկթընի դիրքորոշման մասին` ամերիկացի համանախագահը նշած է. «Գրաւուած տարածքները պէտք է վերադարձուին Ազրպէյճանին` համապարփակ լուծման ծիրին մէջ: Այստեղ կարեւոր է չկեդրոնանալ լուծման մէկ տարրին կամ սկզբունքի մը վրայ: Տարածքները պէտք է վերադարձուին, բայց կան այլ գործօններ: Այդ պատճառով ալ մենք միշտ կը խօսինք համապարփակ լուծման մասին. կարելի չէ վերցնել միայն մէկ տեսակէտ եւ պնդել, որ ատիկա լուծման հիմքն է: Մենք պէտք է դիտարկենք խաղաղ լուծման կարելիութիւնը իր ամբողջութեան մէջ», հաստատած է ան:
Ըստ Ուորլիքի, յարակից տարածքները վերադարձնելէ ետք Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը ապահովելու համար պէտք է շրջան մուտք գործեն միջազգային խաղաղապահ ուժեր, որոնց ընտրութիւնը կը կատարուի կողմերու փոխադարձ համաձայնութեամբ:
Խօսելով այն հարցին մասին, թէ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վատթարացումը ի՛նչ ձեւով պիտի ազդէ Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն արդիւնաւէտութեան վրայ` ամերիկացի համանախագահը նշած է. «Թէեւ վերջին շրջանին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ յարաբերութիւնները լարուած են, սակայն ատիկա չի կրնար անդրադարձ ունենալ մեր գործին վրայ: Այս հարցին գծով Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի մօտեցումները իսկապէս կը համընկնին»: