Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ալիեւի. «Հայերուն Դրամով Ապրող Քոնկրեսականները Պատերազմ Յայտարարած Են Ազրպէյճանի Դէմ»

Յուլիս 16, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իլհամ Ալիեւ
Իլհամ Ալիեւ

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 13 յուլիսին Պաքուի մէջ գումարուած կառավարութեան նիստին ընթացքին Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է. «Հայերուն դրամներով ապրող որոշ երկերեսանի քոնկրեսականներ, արեւմտեան քաղաքական գործիչներ եւ իսլամատեացներ պատերազմ յայտարարած են Ազրպէյճանի մէջ»:

Լրագրող Գէորգ Ստամբոլցեան կը գրէ, թէ նախարարներուն դիմաց Ազրպէյճանի նախագահին արտասանած խօսքը կարծես Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու իւրայատուկ վերաիմաստաւորում ըլլար: Ալիեւ նոյնիսկ անուղղակիօրէն քննադատած է իր հօր կառավարման տարիներուն գլխաւոր դիւանագիտական ձեռքբերումներէն մէկը` երկրին անդամակցութիւնը Եւրոպական խորհուրդին:

«Եւրոպական խաղերուն ատեն Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որուն նախագիծին մէջ զեկուցողները կ՛առաջարկէին գրել` վեհաժողովը նկատի կ՛ունենայ այն փաստը, որ ազրպէյճանական հողերը բռնագրաւուած են: Սակայն այդ ձեւակերպումը փոխուեցաւ, եւ բանաձեւին մէջ հետեւեալ ձեւակերպումը տեղ գտաւ` վեհաժողովը նկատի կ՛առնէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին գոյութիւնը: Ասիկա հակաազրպէյճանական յստակ մօտեցում էր: Այնպէս որ, կը կարծեմ, եթէ մենք այսօր ստիպուած ըլլայինք կատարել այդ ընտրութիւնը, թերեւս ընդհանրապէս հրաժարէինք Եւրոպական խորհուրդին անդամակցելու գաղափարէն», յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ` նշելով, որ 2001-ին Պաքուն այդ քայլին դիմած է հայերուն պատճառով. «Մենք գիտէինք, որ Հայաստան շատ կը փափաքէր դառնալ Եւրոպական խորհուրդի անդամ, ուստի մենք ալ որոշեցինք անդամակցիլ այդ կառոյցին»:

Ազրպէյճանի նախագահը շեշտած է, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին ընդունած այդ բանաձեւը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի Պաքուի համար. «Անիկա թուղթի կտոր է»:

Իլհամ Ալիեւի համոզումով, թուղթի կտոր է նաեւ 12 յունիսին Գերմանիոյ խորհրդարանի երկու պալատներէն մէկուն կողմէ ընդունուած այն բանաձեւը, որուն մէջ գերմանացի օրէնսդիրները կոչ կ՛ուղղեն պաշտօնական Պերլինին` ուշադրութիւն դարձնելու Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներուն:

«Գերմանիոյ խորհրդարանը ի՞նչ առնչութիւն ունի մեզի հետ: Իրենք զիրենք ի՛նչ կը կարծեն Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամները, կը կարծեն, թէ իրենք աշխարհի տիրակալնե՞րն են, ու բոլորը իրե՞նց պէտք է ենթարկուին: Մեր յարաբերութիւններուն մէջ մենք յստակ հեռաւորութիւն կը պահենք, եւ անոնցմէ ոչ մէկ բան կ՛ուզենք: Բայց փոխարէնը անոնք ունին մեր կազին, քարիւղին, մեր համաձայնագիրներուն կարիքը», դիտել տուած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահին համաձայն, իր երկրին դէմ ծաւալած տեղեկատուական պատերազմի թէժ հանգրուանը սկիզբ առած է վերջին քանի մը ամիսներուն. «Եւրոպական խաղերուն այս պատերազմը հասաւ գագաթնակէտին: Սակայն կրնամ ըսել, որ ազրպէյճանական պետութիւնն ու Ազրպէյճանի ժողովուրդը կրցան յաղթել այդ պատերազմին մէջ»:

Բնական է, որ կառավարութեան նիստին Ազրպէյճանի նախագահը չէ մոռցած խօսիլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրական պատերազմի հաւանականութեան մասին` անգամ մը եւս պնդելով, թէ Պաքու շուտով պիտի ազատագրէ իր բռնագրաւուած տարածքները:

«Բանակցային հոլովոյթին մէջ որեւէ յառաջընթաց չկայ: Հայաստան պարզապէս պոյքոթի ենթարկած է բանակցութիւնները եւ կ՛ուզէ կարելի եղածին չափ ձգձգել հարցին լուծումը: Բայց որքան ձգձգուի հարցը, այնքան Հայաստանի անկումը աւելի կը խորանայ», պնդած է Ալիեւ` իր նախարարներուն վստահեցնելով. «Պիտի գայ այն օրը, երբ Ազրպէյճան պիտի վերականգնէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Առայժմ մենք այդ ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանինք»:

 

Նախորդը

Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարը Ընդունեց Սուրիացի Իր Պաշտօնակիցը

Յաջորդը

Ուորլիք. «Գրաւուած Տարածքները Պէտք Է Վերադարձուին Ազրպէյճանին»

RelatedPosts

Բրիտանիան Ամբողջութեամբ Կը Ջնջէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Զէնքի Մատակարարման Արգելքը
Հայկական

Բրիտանիան Ամբողջութեամբ Կը Ջնջէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Զէնքի Մատակարարման Արգելքը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Կալանաւորուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Կալանաւորուեցաւ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?