Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան Ժետտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Լիբանանեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Ժոմպլաթ-Հարիրի հանդիպումին ներկայ գտնուած են Ժոմպլաթի զաւակը` Թէյմուր Ժոմպլաթ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխաններ, Մարուան Համատէ, Նաամէ Թոհմէ եւ Ղազի Արիտի:
Երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ցաւակցութիւն յայտնած է Սաատ Հարիրիին` Սէուտական Արաբիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանի մահուան առիթով: