
ArmSport.am հաղորդեց, որ այսօր` երեքշաբթի, 14 յուլիսին, տեղի ունենալիք Մոլտը-Փիւնիկ մրցումին, որ կ՛իյնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Փաւլէ Ռատովանովիչ (Մոնթենեկրօ): Անոր օգնականներն ալ պիտի ըլլան Մոնթենեկրոյէն:
40 տարեկան Ռատովանովիչ ՖԻՖԱ-ի իրաւարար է: Ան իրաւաբանի մասնագիտութիւն ունի եւ կ՛աշխատի Մոնթենեկրոյի կառավարութեան մէջ: Նշենք, որ այսօր երթի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Նորվեկիոյ մէջ եւ պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: