Երէկ` երկուշաբթի, 13 յուլիսին, Լիբանանի 18 տարեկանէն վար տղոց ազգային խումբը վերադարձաւ Պէյրութ` Աղեքսանդրիոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արաբական պասքեթպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան (18 տարեկանէն վար):
Թէեւ Լիբանանի ազգային խումբը հասաւ աւարտականին, սակայն 67-62 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով (21-17, 29-34, 49-52 եւ 62-67) մրցաշարքը հիւրընկալող երկրէն Եգիպտոսէն, հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Նշենք, որ Ա. հանգրուանին եւս իր կատարած մրցումին Լիբանան պարտուած էր նոյնինքն Եգիպտոսէն:
Հակառակ ասոր սակայն, Լիբանան յաջողեցաւ մրցաշարքին ամբողջ տեւողութեան ընթացքնն լուսարձակները կեդրոնացնել իր վրայ: