«Ֆորմիւլա – 1»-ի աշխարհի ախոյեան Լուիս Հեմիլթընին չեն արտօնած դիտել Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի մրցաշարքի աւարտականի մրցումը պատուոյ թրիպիւնէն, ուր իրեն համար յատուկ տեղ մը վերապահուած էր:
Իր լուրը քաղելով dailymail.ro.uk կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ անոր մուտքը արգիլած են, որովհետեւ անոր հագուածքը եղած է պարզունակ` վերնաշապիկով, առանց բաճկոնի եւ փողկապի:
Ինչպէս ծանօթ է, տղոց այս մրցաշարքին աւարտական մրցումը աւարտեցաւ սերպ Նովաք Տիոքովիչի յաղթանակով: