Հարաւային քորէայի Կուանկժու քաղաքին մէջ իր աւարտին կը մօտենայ Եունվերսիատ – 2015-ը:
Երէկ տեղի ունեցան տղոց թեքունատոյի խմբային մրցումները, կը յայտնէ ArmSport.am:
ԹԷեւ Հայաստանի հաւաքականը յաղթեց Մեքսիքայի եւ Վենեզուելայի, սակայն պարտուելով Կիպրոսէն, բաժնեց 5-8 դիրքը:
Հայաստանի հաւաքականէն ելոյթ ունեցան Դաւիթ Վարդումեան, Հայկազ Սամուէլեան եւ Սերկէյ Վարդազարեան:
Ախոյեան հանդիսացաւ Հարաւային Քորէա, 2-րդ` Չինաստան, իսկ 3-րդ դիրքը գրաւեցին Ռուսիա եւ Կիպրոս:
Նշենք, որ Եունիվերսիատի փակման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ այսօր: