Իր լուրը քաղելով Sport.kz կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ հայրենի յետսապահ Արտեոմ Խաչատուրով հանդէս պիտի գայ Ղազախստանի Ա. դասակարգի խումբերէն Քիզիլ Ժարի հետ` նկատի ունենալով, որ ան միացաւ վերոնշեալ կազմին եւ նախորդ շաբաթավերջին իր նորամուտը նշեց Պայթերեքի դէմ տեղի ունեցած ախոյեանութեան մրցումին:
23 տարեկան Խաչատուրով, որուն վերջին խումբը Քիշնեւի Զիմպրուն էր, 2013-ին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ մասնակցեցաւ Լիւքսամպուրկի եւ Ալպանիոյ դէմ կատարուած ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն: