«Լա կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ի տուեալներուն համաձայն, Ա. Սէ. Միլան իր բանակցութիւնները կը շարունակէ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ` անոր շուէտացի յառաջապահը` Զլաթան Իպրահիմովիչը ձեռք ձգելու համար:
Կ՛ըսուի, որ փարիզցիները պատրաստ են իրենց 33 տարեկան ֆութպոլիստը ծախելու փոխան 5,5 միլիոն Եւրոյի, կը շարունակէ ArmSport.am:
Շատ հաւանական է, որ իտալական ակումբը իր կազմին միացնէ Իպրահիմովիչը` անոր հետ կնքելով 3 տարուան պայմանագրութիւն մը եւ անոր վճարելով տարեկան 6 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Նշենք, որ ան Ա. Սէ. Միլանի մաս կազմած է 2010-2012 տարեշրջանին: