Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Իքեր Քասիաս եւ ակումբին պատասխանատուները վերջնական համաձայնութեան եկան 34 տարեկան ֆութպոլիստին փորթուգալեան Փորթօ տեղափոխուելուն շուրջ, այդ մասին կը յայտնէ «ԱՍ» կայքը:
Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետը երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով Փորթոյի հետ, պիտի գանձէ զուտ 8 միլիոն եւրօ (տուրքերը նկատի չառած): Եթէ ան մինչեւ 2017 մաս կազմէր Ռէալ Մատրիտին, մինչեւ վերոնշեալ թուական պիտի գանձէր 24 միլիոն եւրօ:
Ան պայքարեցաւ, որ այդ գումարը չկորսնցնէ, իր բանակցութիւններուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ռէալ Մատրիտ համաձայնեցաւ անոր վճարել այդ մնացեալ 16 միլիոն եւրոն:
Այսպիսով, Փորթոյին միանալով, նիւթական իմաստով Քասիաս պիտի գանձէ այն, ինչ որ պիտի գանձէր Ռէալի հետ: