
«Ria.ru» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ Հայաստանը, Ազրպէյճանը, Քամպոտիան եւ Նեփալը պիտի միանան Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան` իբրեւ կազմակերպութեան գործընկերներ:
«Ազրպէյճանը, Հայաստանը, Քամպոտիան եւ Նեփալը պիտի միանան Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան ընտանիքին` իբրեւ երկխօսութեան գործընկերներ», ըսած է ան կազմակերպութեան պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի ընդլայնուած նիստին բացման իր խօսքին ընթացքին:
Փութինի խօսքերով` կան նաեւ այլ երկիրներ, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան աշխատանքին:
«Եւս շարք մը երկիրներ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն մեր կազմակերպութեան այս կամ այն ձեւով միանալու նկատմամբ: Ուշադիր պիտի քննարկենք անոնց դիմումները` հաշուի առնելով համապատասխան պահանջները», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:


