Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐԸ` ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

August 15, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անիի Մայր տաճարը

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Կարսի նահանգային վարչութեան պետ Հաքան Տողանայը «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուելու թեկնածուներու շարքին ներկայացուած են նաեւ Անիի աւերակները:

Նշելով, որ այդ հարցին մէջ լուրջ աշխատանքներ կատարած են Թուրքիոյ իշխանութիւնները, Տողանայը ըսած է. «Որպէսզի Անիի աւերակները կարենային դառնալ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան թեկնածու, իշխանութիւնները կարեւոր աշխատանքներ կատարած են: Եւ եթէ Անին յայտնուի այդ ցուցակին մէջ, անիկա տեղ պիտի գրաւէ նաեւ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ նկարահանուող ծանուցողական ժապաւէններուն մէջ: Ասիկա իր կարգին պիտի նպաստէ Կարսի մէջ զբօսաշրջութեան աճին: Այսօրուան տուեալներով Անի այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է 27 առ հարիւրով»:

Հաքան Տողանայը նաեւ նշած է, որ Անին աշխարհի այն քաղաքն է, ուր կարելի է տեսնել ե՛ւ եկեղեցի, ե՛ւ մզկիթ: «Այդ է պատճառը, որ Անին կը կոչեն 1001 եկեղեցիներու քաղաք», ըսած է թուրք պաշտօնատարը` տեղեկացնելով, որ այս տարուան առաջին կիսամեակին Անի այցելած է 23 հազար զբօսաշրջիկ:

Ըստ Տողանայըի, Անիի աւերակներուն նկատմամբ յատկապէս մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն ֆրանսացի, բրիտանացի եւ ճափոնցի զբօսաշրջիկները:

Խօսելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Անիի աւերակներու տարածքին մէջ գտնուող պատմամշակութային յուշակոթողներու վերականգնման աշխատանքներուն մասին` Տողանայը ըսած է, որ ներկայ պահուս «վերանորոգուած ու զբօսաշրջիկներուն առջեւ բացուած է Անիի մէջ գտնուող եւ քրիստոնեաներուն համար կարեւոր աղօթատեղի հանդիսացող Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին»:

Նշենք, որ այս տարի Յուշարձաններու պահպանութեան համաշխարհային հիմնադրամի եւ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է Անիի աւերակներուն վերականգնման համար միացեալ աշխատանքներ կատարելու շուրջ: Անիի աւերակներու վերականգնման եւ պահպանման նախագիծը պիտի գործադրուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:

Նախագիծի առաջին փուլին մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան պիտի ենթարկուին Անիի Մայր տաճարն ու Ս. Փրկիչ եկեղեցին, որմէ ետք պիտի քննարկուին բոլոր հաւանական ձեւերը այդ պատմամշակութային արժէքներուն վերականգնման եւ պահպանման համար:

Կը նախատեսուի ծրագիրը աւարտել յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին: Ծախսերը պիտի հոգան Յուշարձաններու համաշխարհային հիմնադրամն ու Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ «ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՆ ՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ՀԱՅ ՄԱՅՐՆ Է» ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաջորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ` ՇՓՄԱՆ ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ

RelatedPosts

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն  Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»

November 26, 2026
Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ  Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»
Հայկական

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։