Ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման դէմ պայքարող «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը երէկ Վարդավառի տօնին առիթով խորհրդանշական «ջրոցի» կազմակերպած էր Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ:
23 յունիսին ոստիկանները ջրցան մեքենայ կիրարկած էին ` Բաղրամեան պողոտայի երթեւեկելի հատուածը փակած եւ նստացոյց յայտարարած «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամներուն դէմ: Երէկ Բաղրամեան պողոտային վրայ նախաձեռնութեան անդամները կը վերադարձնէին «պարտքը»:
«Ահագին ոստիկանութիւն ջրեցինք, որ այդ կարծրատիպը կոտրուի: Իրենք մեզի ջրեցին, մենք ալ իրենց, ու թող իմանան` ինչպէս որ իրենք մեզի հետ կը վարուին, այնպէս ալ մենք իրենց, այսինքն` ինչ որ կու տան, այդ ալ կը ստանան, ջրեցին` պիտի ջրուին», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամ Մաքսիմ Սարգսեան:
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան նաեւ տարբեր քաղաքացիներ միացած էին:


