Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահական Ընտրութեան Ոչ Մէկ Ելքի Դիմաց Դռները Փակ Են, Եւ Ոչ Մէկ Թեկնածու Վեթոյի Ենթարկուած Է» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

July 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-13-15_hariri

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հովանաւորութեամբ երէկ երեկոյեան «Պիել»-ի մէջ սարքուեցաւ ռամատանեան իֆթար մը, որուն ընթացքին Հարիրի արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը:

Հարիրի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան ոչ մէկ ելքի դիմաց դռները փակ են` ընդգծելով, որ իրենք ճիգ պիտի չխնայեն լուծելու համար այդ տագնապը:

Ան աւելցուց, որ ոչ մէկ նախագահական թենկնածու վեթոյի ենթարկուած է, «Ընդհակառակն` մեր փափաքն է, որ համախոհութեամբ կարելի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել: Սուրիոյ զարգացումներուն վրայ դրուած գրաւը Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ պիտի չկարենայ ապահովել, իսկ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները իրենց կարգին անզօր են հանրապետութեան նախագահ մը ապահովելու իմաստով», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ իրենք երկու տարի առաջ թելադրած են Հըզպալլային, վերջ տալու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին զինուորապէս զօրակցելու քայլին: Կը ցաւինք այս պատերազմին ընթացքին ինկած Հըզպալլայի անդամ հարիւրաւոր նահատակներուն համար, սակայն պէտք է գիտնալ, որ այդ նահատակները չկրցան եւ պիտի չկարենան իրականացնել սուրիական վարչակարգին նեցուկ կանգնելու Հըզպալլայի նպատակը: Իսկ Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ պատերազմին միջամտութիւնը երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները պիտի քանդէ», հաստատեց Հարիրի:

Հարիրի շեշտեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ միայն պետութիւնը պէտք է զէնքի, զինամթերքի եւ պատերազմելու իրաւասութիւն ունենայ:

Անդրադառնալով ոմանց կողմէ կատարուած հիմնադրութեան խորհրդաժողովին եւ դաշնակցային դրութեան առաջարկներուն` Հարիրի յայտնեց, որ անոնք մերժելի են, եւ բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ համագործակցութիւնն ու միասնականութիւնը սահմանադրական հաստատութիւնները աշխուժացնելու եւ լիբանանեան պետութեան հիմերը պաշտպանելու նպատակով,  լիբանանցիներուն միակ փրկութիւնն է:

Հարիրի դրուատեց վարչապետ Թամմամ Սալամի ջանքերը` կառավարութիւնը պահելու իմաստով: Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մնայ մտքի, հանդարտութեան եւ տրամաբանութեան հոսանքը, որ կը մերժէ ամէն տեսակի ծայրայեղութիւն եւ անշեղ կը մնայ չափաւորականութենէն:

 

Նախորդը

Դիմադրութիւնը Եւ Սուրիական Բանակը Իրենց Հակակշիռին Տակ Առին Զապատանիի Զլահ Եւ Արա Շրջանը

Յաջորդը

Իսրայէլեան Հետախուզական Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.