Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին հետ հանդիպումին ընթացքին վստահեցուցած է, որ Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, կը տեղեկացնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք ուշադիր կը հետեւինք այն ինչ որ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, որովհետեւ դուք մեր դրացին էք, դաշնակիցը, մօտ պետութիւնը եւ մեզի համար վստահաբար միեւնոյնը չէ, ինչպէս կը զարգանան իրադարձութիւնները բարեկամական երկրի մը մէջ», այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին ըսած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ:
Մէկ Շաբաթ Ժամանակ` Ուժանիւթի Համակարգի
Փլուզման Առնչութեամբ Քրէական Գործ Յարուցելու Համար
Երէկ երեկոյեան Ազատութիւն հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման դէմ պայքարող շարժման նոր համակարգող խումբի անդամ Դաւիթ Սանասարեան ըսաւ.
«Եթէ չսթափուինք եւ փողոց չելլենք, յառաջիկայ տարիներուն ժողովուրդին վիճակը պիտի մնայ նոյնը: Արտագաղթին տոկոսը պիտի բարձրանայ: Եթէ փողոց չելլենք, չմիաբանուինք` պահանջելով 21-րդ դարուն վայել կեանք, ուստի միաբանուելու կոչ կ՛ուղղեմ»:
Սանասարեան անդրադարձաւ նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթին:
«Կա՞յ մէկը, որ կը հաւատայ հաշուեքննութեան ու անոր եզրակացութեան: Վստահ չէ՞ք, որ քաղաքացիներուն ծուղակի մէջ կը ձգեն: Արդեօք Սերժ Սարգսեանը իր ելոյթով չի՞ կանխորոշեր հաշուեքննութեան արդիւնքները: Սպառողները կը պատրաստուին առանց կասկածի վճարե ՞լ բարձրացուած սակով: Սերժ Սարգսեանը յայտարարեց, որ ուժանիւթի համակարգը փլուզման վտանգի տակ է: «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ու հաշուեքննութիւնը այն գործիքը չէ, որ բացայայտէ ուժանիւթի համակարգի փլուզման պատճառները: Ես կ՛առաջարկեմ մեր պահանջներուն աւելցնել եւս մէկը` յարուցել քրէական գործ ուժանիւթի համակարգի փլուզման առնչութեամբ: Պարզել, որ քայլերու արդիւնքով ուժանիւթի համակարգը հասցուցին փլուզման եզրին, ինչո՞ւ Սերժ Սարգսեանի ելոյթին չհետեւեցան դատախազութեան գործողութիւնները: Եթէ մեր պահանջը չկատարուեցաւ, պիտի պահանջենք հրաժարականներ եւ ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի դնենք Սերժ Սարգսեանին վրայ:
Մենք մէկ շաբաթ ժամանակ կու տանք, մինչեւ յաջորդ ուրբաթ օր», յայտարարեց Սանասարեան:
Նշենք, թէ Ազատութեան հրապարակին վրայ գտնուող հացադուլ յայտարարած 4 երիտասարդները դադրեցուցած են հացադուլը, որ սկսած էին երկու օր առաջ` սատարելու համար ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման դէմ պայքարող շարժման նոր համակարգող խումբի անդամ, Ժառանգութիւն կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Սանասարեանին, որ նոյնպէս աւելի ուշ դադրեցուցած է հացադուլը:
«Ոչ Թալանին»Հաւաք-Երթը`
14 Յուլիսին
«Ոչ թալանին» նախաձեռնութիւնը 14 յուլիսին հաւաք-երթ պիտի իրականացնէ` Մոսկուա շարժապատկերի սրահին մօտէն դէպի ընդհանուր դատախազութիւն: Պահանջն է` քրէական գործ յարուցել եւ պատժել 23 յունիսին Բաղրամեան պողոտային վրայ քաղաքացիներու նկատմամբ բռնութիւններ եւ անօրինականութիւններ իրականացուցած ոստիկանները:
«Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին «Ոչ թալանին» նախաձեռնութեան անդամ Արթուր Քոչարեան նշեց, որ իրենք դիմած են իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, մարդկային իրաւանց պաշտպանին, որպէսզի ընթացք տան այդ հարցին: Քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը չէ դիմած դատարան, սակայն, ըստ Արթուր Քոչարեանի, լրատու միջոցներուն մէջ կան անհրաժեշտ հրապարակումները եւ տեսանիւթերը, որոնք կրնան հիմք հանդիսանալ դատախազութեան համար` գործ յարուցելու ապօրինի գործողութիւններ իրականացուցած ոստիկաններուն նկատմամբ:
«Բաղրամեան պողոտայէն ետք ատիկա առաջին զանգուածային հաւաքը կ՛ըլլայ, կը տեսնենք` որքան մարդ կը հաւաքուի, եւ ընթացքին կ՛որոշենք ինչ ընել: Չի բացառուիր երթը դէպի Բաղրամեան պողոտայ», ըսաւ նախաձեռնութեան անդամը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞րն է դէպի Բաղրամեան պողոտայ երթին իմաստը, եւ պահանջը, Արթուր Քոչարեան պատասխանեց, որ պահանջը լկտի կեցուածք ցուցաբերած ոստիկանները պատժելն է:
Ինչ կը վերաբերի ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման վերաբերեալ պահանջին, Արթուր Քոչարեան նշեց, որ պիտի սպասեն հաշուեքննութեան պատասխաններուն: Ան նշեց նաեւ, որ «Ոչ թալանին» նախաձեռնութիւնը արդէն յայտարարած է, որ պիտի չմասնակցի հաշուեքննութեան, որովհետեւ չեն ուզեր օրինականացնել այդ ամէնը:
«Եթէ մասնակցինք, եւ հաշուեքննութիւնը նոյնիսկ արդար անցնի, նոյնն է` կրնայ պարզուիլ, որ սակի բարձրացման տեղ կայ: Նաեւ նշեմ, որ այս պայքարը միայն «Ոչ թալանին» նախաձեռնութեան պայքարը չէ, ասիկա ամբողջ ժողովուրդին պայքարն է եւ պահանջը, ուրեմն մնացեալ նախաձեռնութիւններն ու կազմակերպութիւնները թող մասնակցին այդ հաշուեքննութեան: «Ոչ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները նոյնիսկ մէկ առ հարիւր չեն հաւատար Սերժ Սարգսեանի խօսքին, բայց անոնք, որոնք տեղ մը կը հաւատան անոր խօսքին, թող երթան, մասնակցին այդ հաշուեքննութեան», ըսաւ Արթուր Քոչարեան:
Ըստ անոր, քանի որ թէ՛ մուրճը, թէ՛ գամը կը գտնուին Սերժ Սարգսեանի ձեռքին մէջ, ուրեմն անոր գործն է` հաշուեքննութեա՞մբ հարցը կը լուծէ, թէ՞ այլ կերպ, վերջաւորութեան միայն թող ժողովուրդին ըսէ, որ ելեկտրական հոսանքին գինը պիտի չբարձրանայ: