Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Նապաթիէի, Մերժահիունի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ գործեց թռիչքներ` լիբանանեան հողերուն դէմ գործելով ոտնձգութիւններ, ինչպէս նաեւ խզելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս խստիւ մերժեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ փողոց իջնելու սպառնալիքը: Ան ըսաւ, որ փողոց իջնելու ոճը կարելի չէ որդեգրել, որովհետեւ անիկա ապարդիւն է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի հաստատեց, որ քրիստոնէական քաղաքական դերակատարութիւնը պաշտպանել փափաքողը պէտք է սկսի հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ երկրագործական արտադրութիւններուն արտածումին օժանդակելու կառավարութեան որոշումը պիտի վաւերացուի, հակառակ ոմանց վերապահութեան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի ընդգծեց, որ Դիմադրութեան կողմէ Սուրիոյ մէջ ընթացող կռիւին մասնակցութեան նպատակը սուրիական վարչակարգի պահպանումը չէ, այլ` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն պաշտպանութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը Լիբանանի եւ անոր ապագային ու ազգային միասնականութեան վրայ կ՛ունենայ իր հետեւանքները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ քրիստոնեայ անձնաւորութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններուն մօտիկութեան իբրեւ արդիւնք հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կարելի կրնայ ըլլալ:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու Հըզպալլայէն պահանջեց Սարայա Մուքաուամայի զինեալները Իքլիմ Խարրուպի սահմաններէն հեռացնել: Ան խստիւ մերժեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ փողոց ուղղուելու սպառնալիքը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի մագլցողական քայլերը կառավարութեան մէջ արձանագրուող զարգացումներուն հակազդեցութիւնն են:

ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները տղայական սիրահարութեան համազօր չեն կրնար ըլլալ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ գոյութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը չեն կրնար խախտել պաշտօնի մը համար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ Դիմադրութեան եւ բանակին նահատակներուն թափած արիւնն է, որ կը պահպանէ Լիբանանը:

ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի շեշտեց, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ կացութիւնը պիտի մնայ հակակշռուած

Նախորդը

Պաքուի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Ծրագիրները Համակարգողը Դադրեցուցած Է Իր Գործունէութիւնը

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Փոխադրուեցաւ Տիման

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?