Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2014-ին Հայաստանի Մեծագոյն Հարցը Եղած Է Փտածութիւնը

Յուլիս 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոն Քերրի
Ճոն Քերրի

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի` ներկայացնելով 2014 թուականի «Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան» տարեկան զեկուցումը, յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իմաստով 2014 թուականի մեծագոյն խնդիրը եղած է այն, որ կանոնաւոր փտածութիւնը շարունակուած է եւ կառավարութեան մէջ առկայ եղած է թափանցիկութեան պակասը, արձանագրուած է արդարադատութեան համակարգի սահմանափակ անկախութեան եւ իրենց կառավարութիւնը փոխելու քաղաքացիներուն ընձեռուած կարելիութեան պակաս:

Ըստ անոր, «գործադիր ճիւղը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ քաղաքական ճնշումներու տակ պահել դատարանները: 2014 թուականին նկատելի եղած են բանակին մէջ ոչ մարտական պայմաններու մէջ արձանագրուած կասկածելի մահերը, ինչպէս նաեւ նորակոչիկներու նկատմամբ բռնութիւններուն թիւը»:

Զեկուցումը նաեւ փաստած է, որ Հայաստանի մէջ ոստիկանութիւնը խոստովանութիւններ ստանալու նպատակով կը շարունակէ հարցաքննութիւններուն ընթացքին ծեծի ենթարկելու ձեւի օգտագործումը: Իսկ իշխանութիւնը ոեւէ մէկը պատասխանատուութեան չէ ենթարկած 2008 թուականի նախագահական ընտրութիւններէն ետք 8 քաղաքացիներու եւ երկու ոստիկաններու սպանութեան համար:

Հակառակ անոր որ Հայաստանի օրէնքները կը ճանչնան անմեղութեան վարկածը, սակայն, ըստ զեկուցումին, իշխանութիւնները այդ օրէնքը չեն յարգեր:

Հայաստանի մէջ մեծ թիւով անձեր կրցած են քննադատել կառավարութիւնը: Սակայն, Քերրիի զեկուցումին` մէջ նշուած է, որ նոյեմբերի աւարտին ու դեկտեմբերին տեղի ունեցած են յարձակումներ ընդդէմ քաղաքական ու քաղաքացիական գործիչներու, որոնց կարգին` խորհրդարանի ընդդիմադիր անդամի:

Զեկուցումին նաեւ կը յիշեցնէ նախագահին դէմ որեւէ ձեւով խօսողներուն «ականջները կտրելու» մասին փոխոստիկանապետին սպառնալիքը:

Մամլոյ ազատութեան առումով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տարեկան զեկուցումին մէջ նշուած է, որ ի հակադրութիւն համացանցային պարբերականներուն, Հայաստանի մէջ տպագիր լրատուամիջոցներն ու ձայնասփիւռի-պատկերասփիւռի կայանները հիմնականօրէն զրկուած են քաղաքական տարբեր կարծիքներ արտայայտելու կարելիութենէն:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Համաձայնեցաւ 21 Միլիոն Տոլար Տրամադրել Երկրագործական Եւ Ճարտարարուեստի Արտադրութիւններու Արտածումին

Յաջորդը

Լաւրով. «Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցող Ցոյցերը Քաղաքականացնելու Փորձ Կը Կատարուի»

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?