Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն բացակայեցաւ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի:
Երեք ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ ռամատանի առիթով վարչապետ Սալամ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց լիբանանցիներուն` Լիբանանին մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարիք:
Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ դարձեալ պահանջած է նախագահական ընտրութիւն կատարել` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը իր հետեւանքները կ՛ունենայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն վրայ:
«Ապա վարչապետ Սալամ կառավարութեան ներկայացուց Եգիպտոս կատարած իր այցելութեան արդիւնքները», ըսաւ Ժրէյժ` աւելցնելով, որ վարչապետը ցաւակցութիւն յայտնած է Քուէյթի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ կատարուած ահաբեկչութիւններուն եւ անոնց պատճառած մարդկային վնասներուն առումով:
«Ապա վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ ինք տակաւին կը հաւատայ կառավարութեան համախոհական աշխատանքին, պայմանաւ որ այդ համախոհութիւնը չառաջնորդէ աշխատանքը խոչընդոտելու: Ան յոյս յայտնեց, որ բոլոր նախարարները անդրադառնան իր ցուցաբերած դրական մօտեցումին, որուն նպատակն է կառավարութեան աշխատանքը հեզասահ դարձնել», ըսաւ Ժրէյժ:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը քննարկեց նախորդ երեք շաբաթներուն ընթացքին նիստեր չգումարելու պատճառները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգը եւ կառավարութեան իրաւունքներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետը փափաքեցաւ, որ կառավարութիւնը համաձայնութիւն յայտնէ 21 միլիոն տոլար տրամադրել երկրագործական եւ ճարտարարուեստի արտադրութիւններուն արտածումին` դէպի արաբական երկիրներ:
Նշենք սակայն, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ մերժած էր կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին մասին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներուն յղած բողոքագիրը` զայն նկատելով նախընթաց մը, որ մերժելի է:
Համախմբումի եւ Հըզպալլայի նախարարները մերժեցին համաձայնութիւն յայտնել երկրագործական եւ ճարտարարուեստի արտադրութիւններուն արտածումին տրամադրուելիք գումարին եւ պահանջեցին քննարկել պետական կառոյցներու պետերուն նշանակման հարցը:
Վարչապետ Սալամ նախարարներէն պահանջեց արձանագրել իրենց մերժումը եւ յայտարարեց նիստին աւարտը:
Համախմբումի նախարարներուն անունով կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ մերժեց կառավարութեան նիստին ընթացքին կատարուածը` զայն նկատելով հանրապետութեան նախագահի իրաւունքներու իւրացում:
Ապու Սաապի կատարած յայտարարութեան ընթացքին վարչապետարանին ուղղակի հաղորդակցութեան սփռումը կասեցուեցաւ: Այդ մասին վարչապետարանի աղբիւրներ յայտնեցին, որ անիկա միտումնաւոր չէր, այլ թեքնիք խանգարում, իսկ Ապու Սաապ այդ մէկը նկատեց միտումնաւոր արարք մը, որ Ռըսթոմ Ղազալէի ժամանակաշրջանին իսկ չէ պատահած, եւ ցոյց կու տայ, որ վարչապետարանը նախարարներուն կեցուածքները իմանալու կարգավիճակին մէջ չէ:
Առեւանգուած Բանակայիններուն Հարազատները Կը Բողոքեն
Մինչ կառավարութիւնը իր նիստը կը գումարէր, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները փակեցին շարք մը շրջաններուն մայրուղիները, յատկապէս Սայֆիի ճամբան, ուր անոնք անիւներ հրկիզեցին:
Բողոքի ցոյցին ընթացքին առեւանգուած բանակայիններուն անունով Խալիլ Շտիտ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ պահանջեց վերադարձնել իրենց զաւակները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վարկն ու գերիշխանութիւնը:
Շտիտ նշեց, որ իրենք տակաւին լաւատես են իրենց զաւակներուն տունդարձին առումով` աւելցնելով, որ իրենց հարազատներուն առեւանգումէն 11 ամիս ետք իրենք Քաթարէն եւ Թուրքիայէն կը պահանջեն միջամտել եւ իրենց զաւակները ազատ արձակել տալ:
«Մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք բանակցութիւնները արագացնելու իմաստով, իսկ այդ իմաստով արձանագրուելիք որեւէ բացթողում լիբանանեան պետութեան անհոգութեան պիտի վերագրուի, իսկ վարչապետը պատասխանատու պիտի ըլլայ Լիբանանի բարձունքներուն վրայ մեր զաւակներու հասնելիք հաւանական վնասներուն: Ժամանակն է արդէն, որ մեր զաւակներուն թղթածրարը դառնայ առաջնահերթութիւն, որովհետեւ մեր հարազատներուն հոգին աւելի սուղ է, քան բոլոր աթոռները, պաշտօններն ու անձնական շահերը», եզրափակեց Շտիտ:
Բողոքի ցոյցէն քանի մը ժամ ետք, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն կողմէ փակուած բոլոր ճամբաները կրկին բացուեցան:


