Հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար, զօր. Ժան Քահուաժիի, 4 – 5 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ Արզի 24-րդ միջազգային ռելին, յայտնեց «Ա.Թէ.Սէ.Էլ.»-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութիւնը:
345.95 քմ երկարութիւն ունեցող այս ռելին կ՛իյնայ Լիբանանի 2015-ի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Այս ռելի-ին ազդանշանը պիտի տրուի կիրակի, 5 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, «Սետրիւս» պանդոկին դիմացէն (Արզ):
Կը կարծուի, որ նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 17:45-ին, նոյն վայրին մէջ, առաջին ինքնաշարժը պիտի հասնի հոն, որմէ կարճ ատեն մը ետք տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը: