Իր գումարած հերթական մէկ ժողովին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց օրակարգի վրայ եղող բազմաթիւ հարցեր, տեղի ունեցան նշանակումներ, ինչպէս նաեւ ներքին կանոնագիրին գծով կարգ մը փոփոխութիւններ եւ բարեկարգումներ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի առաջարկով, ֆետերասիոնի գործադիր մարմինի առաջին փոխնախագահ նշանակուեցաւ գործադիր տնօրէն Արմէն Մինասեան, մինչ Աշոտ Մանուկեան նշանակուեցաւ փոխնախագահ:
Այս նիստին ընթացքին Միքա ակումբի նախագահ Քարլոս Ղազարեան հանդէս գալով յայտարարութեամբ մը, հաստատեց, որ Միքա պիտի մասնակցի Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն խումբի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին, միեւնոյն ժամանակ ալ յայտնելով, որ պաշտօնական գրութիւնը պիտի ներկայացնէ ֆետերասիոնին:
Ֆետերասիոնին անդամները ողջունեցին Միքայի այս յայտարարութիւնը: