Armsport.am հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ռուսլան Քորեան այսուհետեւ հանդէս պիտի չգայ Լոքոմոթիւ Թաշկենդի հետ:
Պայմանագիրի խզման նախաձեռնութիւնը եղաւ Քորեանին, մինչ անոր ակումբը ընդառաջեց անոր որոշումին:
Այժմ ան կը գտնուի Սոչիի մէջ եւ ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակ ունի:
Նշենք, որ ցարդ անորոշ է, թէ ան ո՞ւր պիտի շարունակէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Քորեան, որ այս տարուան փետրուարին միացաւ ուզպեքական ակումբին, ընդամէնը մասնակցեցաւ 16 մրցումի` նշանակելով 4 կոլ: